Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր Եւ Օքլահոմա 114-88 Արդիւնքով Յաղթեցին Մինեսոթայի

May 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ սկսան «Էն. Պի. Էյ.»-ի Արեւմտեան շրջանի աւարտական մրցումներու ճակատումները: Օքլահոմա Սիթիի մէջ, տեղւոյն Թանտըր 114-88 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը, որ քանի մը օր յաւելեալ հանգիստ ընելով պէտք էր պատրաստ ըլլար:

Մինեսոթա աւելի լաւ սկսաւ եւ 9 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Թանտըրի վրայ, որ Բ. կիսախաղին բոլորովին տարբեր մակարդակ ցոյց տուաւ եւ 26 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց:

Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր իր 31 կէտերուն 20-ը նշանակեց մրցումի երկրորդ կիսախաղին, մինչ Մինեսոթայի աստղերէն Ճուլիըս Ռենտըլ իր 28 կէտերէն միայն 8-ն նշանակեց մրցումի երկրորդ բաժինին:

Անթոնի Էտուըրտծ, որ միջին հաշուով 26,5 կէտ կը նշանակէր փլէյ-օֆի մրցումներուն, 18 կէտ կրցաւ նշանակել միայն:

«Պէտք է անպայման աւելի փորձեմ կէտ նշանակել: Միայն 13 անգամ փորձեցի հարուածել (5 անգամ միայն յաջող), բայց հաւանաբար առանց գնդակի խաղալը նոյնիսկ շատ կարեւոր է: Եթէ գնդակը միշտ հետդ ըլլայ, վստահաբար մրցակից խումբը մինչեւ 2 մարզիկներով կրնայ պաշտպանել: Ուրեմն պէտք է դիտեմ մրցումին տեսերիզը` վերլուծելու, թէ ո՛ւր ինչ պէտք է ընեմ յաջորդ մրցումին», ըսաւ Էտուըրտծ:

Օքլահոմա 2 օր առաջ մրցում կատարած էր` դուրս ձգելով Տենվըր Նակեթցը 7-րդ վճռական մրցումին, մինչ Մինեսոթա 1 շաբաթ հանգիստ էր եւ մրցում չունէր, սպասելով իր մրցակիցին: Ասիկա Մինեսոթայի 2-րդ յաջորդական աւարտականն է, եւ պատմութեան երրորդը, սակայն ան բնաւ չէ յաջողած դառնալ Արեւմտեան շրջանի ախոյեան եւ հասնիլ «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական:

Այսօր կը սկսի Արեւելեան շրջանի աւարտականին, Նիւ Եորք Նիքս կը հիւրընկալէ Ինտիանա Փէյսըրզը:

Ըստ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մասնագէտներու, Օքլահոմա եւ Ինտիանա աւելի յոյս ունին դառնալու Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու ախոյեաններ` հասնելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական:

Նախորդը

Ճեմարանի 95-Ամեակի Հանրային Ձեռնարկներու Մեկնարկ

Յաջորդը

Եուրկըն Քլոփ Վերստին Պիտի Վերադառնայ…

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.