Փեփ Կուարտիոլա յայտնեց, որ յաջորդ եղանակին կը նախընտրէ լքել Մանչեսթըր Սիթին, քան աշխատիլ մեծ խմբակի հետ:
Սիթիի մարզիչ Կուարտիոլա սկսաւ վերակառուցման, 2017-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով առանց որեւէ տիտղոսի եղանակ մը աւարտելէ ետք:
«Ես ակումբին յայտնեցի, թէ չեմ ուզեր այդ մէկը: Չեմ կրնար 5 կամ 6 մարզիկ ղրկել թրիպիւններէն դիտելու: Կը նախընտրեմ լքել խումբը: Եթէ աւելի նուազ թիւով մարզիկներ ունենանք, կը մնամ: Անկարելի է, որ իմ խիղճս ներէ, որ մարզիկներս ղրկեմ թրիպիւն, քանի որ չեն կրնար խաղալ», ըսաւ ան:
Վերջին մրցումին Կուարտիոլա ստիպուեցաւ իր կազմէն դուրս ձգել Ճէյմս Մաքաթին, Սաւինիոն եւ Ռիքօ Լուիսը: Նոյն բանը պատահած էր բաժակի մրցաշարքի աւարտականին:
Կուարտիոլա միշտ ալ սիրած է աւելի փոքր թիւով մարզիկներով խաղալ, բայց այս տարի մեծ թիւով վիրաւորներ, գլխաւորութեամբ ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուած Ռոտրիի բացակայութեան, Սիթիի յոյսերը կտրեցին պայքարելու տիտղոսին համար նոր տարուան շրջանէն իսկ:
Սիթի 200 միլիոն ամ. տոլարէն աւելի ծախսեց յունուարին` փորձելով տարեշրջանը փրկել, ձեռք ձգելով Օմար Մարմուշը, Նիքօ Կոնսալեսը, Ապտուքոտիր Խուսանովը եւ Վիքթոր Ռէյսը:
Այժմ Քեւըն Տը Պրոյնէ իր պայմանագրութիւնը աւարտելով կը լքէ Սիթին, մինչ Քայլ Ուոքըր իր կարգին կրնայ լքել, բայց Կուարտիոլա, որ կ՛ուզէ տակաւին ձեռք ձգել նոր մարզիկներ, յստակօրէն յայտնեց, որ կ՛ուզէ մարզիկներուն թիւը քիչ պահել:
«Չեմ ուզեր 25-26 մարզիկներ, երբ բոլորը լաւ վիճակի մէջ են:
Եթէ վիրաւորներ ունենամ, անբախտութիւն է: Ունինք ակադեմիայի մարզիկներ եւ կրնանք զանոնք օգտագործել: Չենք կրնար մարզիկներուն հոգեկանին հետ խաղալ, պէտք է կապի մէջ մնանք բոլորին հետ, բան մը, որ կորսնցուցինք այս տարեշրջանին»: