Միացեալ Նահանգներու հիմնարար դիրքորոշումը այն է, որ Իրանը չի կրնար իւրանիոմ հարստացնել: «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերով յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ:
«Մենք ունինք շատ յստակ կարմիր գիծ մը, ատիկա իւրանիոմի հարստացումն է: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ Իրանը ունենայ հարստացման կարողութիւններու նոյնիսկ 1 առ հարիւրը: Ամէն ինչ կը սկսի մեր սկզբունքային դիրքորոշումէն` գործարքէն, որ չի ներառեր հարստացման կարելիութիւնը», ըսած է Ուիթքոֆ:
Նման միտք նախապէս յայտնած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ` «Սի.Պի.Էս. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցին մէջ:
Ան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն Իրանին ստիպել հրաժարիլ հիւլէական կարելիութիւններէն: Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն կ՛ուզէ երաշխաւորել, որ Թեհրանը երբեք հիւլէական զէնք ձեռք պիտի չբերէ:
«Եթէ դուք կրնաք իւրանիոմը որեւէ մակարդակով հարստացնել, ապա ըստ էութեան կրնաք շատ արագ զայն մինչեւ սպառազինութեան մակարդակը հարստացնել», ըսած էր ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Ռուպիօ վստահեցուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ Իրանը ըլլայ հարուստ, խաղաղ եւ բարգաւաճ երկիր` առանց հիւլէական զէնքի:
«Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հակադարձած է, որ Իրանը իւրանիոմ պիտի հարստացնէ` անկախ այն բանէն, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու հետ գործարք ձեռք պիտի բերուի՞», կը գրէ «Ինթըրֆաքս»:
«Միացեալ Նահանգները շահագրգռուած են երաշխիքներով, որ Իրանը հիւլէական զէնք պիտի չստանայ: Նման համաձայնութիւնը հասանելի է, եւ մենք պատրաստ ենք լուրջ երկխօսութեան` հասնելու համար այնպիսի լուծման, որ յաւերժ պիտի ապահովէ այդ արդիւնքը: Սակայն Իրանի մէջ իւրանիոմի հարստացումը պիտի շարունակուի` անկախ անկէ, թէ համաձայնութիւն ձեռք բերուա՞ծ է, թէ՞ ոչ», ընկերային ցանցի վրայ գրած է Արաղչի:
Յիշեցնենք, որ 11 մայիսին Օմանի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու 4-րդ փուլը: Իրանեան եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնները կը գլխաւորէին Արաղչին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարած է շարք մը զիջումներու դիմելու պատրաստակամութեան մասին, եւ որ կողմերը համաձայնած են շարունակելու բանակցութիւնները: