Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Իրանին եւ Միացեալ Նահանգներուն օգնելու իրանեան հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան հասնելու: Ան այս մասին յայտարարեց «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին:
«Մեր իրանցի բարեկամները մեզի ամփոփ ներկայացուցին բանակցութիւններուն ներկայ փուլը, եւ կը յուսանք բոլորին յարմարող համաձայնութեան հասնիլ», ըսաւ Ռուտենքօ:
«Մոսկուան Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ բանակցութիւններէն դրական արդիւնք եւ երկու կողմերը գոհացնող համաձայնութիւններու կնքում կը յուսայ», նշեց ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ յայտնեց. «Այն, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններուն մէջ տեղի կ՛ունենայ, նաեւ պիտի ազդէ շրջանային կացութեան վրայ, զոր Մոսկուան կայուն ու ապահով կ՛ուզէ տեսնել»: