Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի

Մայիս 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 20:30-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Ռիատիի դէմ, աղջկանց ախոյեանութեան ճակատումներուն գծով երկրորդ մրցումին:

Համակիրներու ներկայութեան պէտք է մեր խումբը շատ աւելի լաւ ելոյթ ունենայ եւ դրական արդիւնք արձանագրէ Ռիատիի դէմ, որ երկուշաբթի գիշեր յաղթանակով սկսած էր ճակատումներու առաջին մրցումը իր «Սաէպ Սալամ» մարզադաշտին վրայ, Մանարայի մէջ:

Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ-էն կը բացակայէին «Կապի» Ասատ, որ ձեռքը կոտրած էր, ինչպէս նաեւ Ազուրի դէմ մրցումին սկիզբը վիրաւորուած Տանիելլա Ֆայյատ:

Երբ անբախտ Տանիելլա Ֆայյատ անցեալ տարի Պէյրութ Ֆըրսթի մարզիկ էր, աւարտականին չէր կրցած մասնակցիլ Ռիատիի դէմ մրցումին վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Յոյսով, որ անոր ծունկին վիճակը կը բարելաւուի, եւ ան կրնայ մասնակցիլ այսօրուան մրցումին:

Երկուշաբթի օրուան մրցումը կարծէք… փորձ-մրցում մըն էր, ուր Ռիատի իր լաւագոյնը տուաւ, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիաս չկրցաւ որեւէ բան յաջողցնել: Նոյնիսկ Մարթա Պըրս, որմէ շատ բան կը սպասուէր, «կորսուեցաւ» շատ աւելի երկար մրցակիցներու դէմ: Ան 3 անգամ պլոքի ենթարկուեցաւ եւ 7 թըրնօվըր կատարեց: 32 վայրկեան խաղալով ան 11 կէտ նշանակեց: Ճիլիըն Արչըր առանձին իր կարելին ըրաւ 14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգելով 28 վայրկեանի ընթացքին:

Փաթիլ Ասատուրեան իր լաւագոյն մրցումներէն մէկը ունեցաւ 12 կէտ նշանակելով եւ 6 էսիսթներով: Ան 3 սթիլ ալ կատարեց:

Փերլա Պու Նասր ինչպէս այս տարեշրջանի ամբողջ ընթացքին, հազուադէպօրէն լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ չկրցաւ որեւէ բան կատարել Ռիատիի մէջ 31 վայրկեաններու ընթացքին: Ոչ մէկ կէտ, ոչ մէկ էսիսթ, միայն 4 ռիպաունտ:

Եաշա Զէյնուն 24 վայրկեան մասնակցեցաւ` կատարելով 4 էսիսթ, բայց 6 թըրնօվըր կատարեց:

Պէտք է ըսել, որ խումբը ընդհանուրը 20 թըրնօվըր կատարեց, բան մը, որ շատ օգնեց Ռիատիին, որ իր «փորձ-մրցում»-ը շարունակէ:

Առաջին մասին 30-7, երկրորդ մասին 22-10, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 52-17 արդիւնքով սկսաւ Բ. կիսախաղը` բաւական բարելաւելով իր մակարդակը, եւ յոյսով, որ այսօր կը մոռցուի 90-48 արդիւնքով այդ պարտութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Եուրոփա Լիկ»-ի Աւարտականին. Թոթենհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Յաջորդը

Ուիթքոֆ. «Իրան Չի Կրնար Իւրանիոմ Հարստացնել», Արաղչի. «Հարստացումը Պիտի Շարունակուի Ուաշինկթընի Հետ Գործարքը Գոյացուի Կամ Ոչ»

RelatedPosts

«Եուրոփա Լիկ»-ի Աւարտականին.  Թոթենհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ»-ի Աւարտականին. Թոթենհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Մայիս 21, 2025
Մեսսի Ուրախ Չէ…
Մարզական

Մեսսի Ուրախ Չէ…

Մայիս 21, 2025
Ռաքիթիչ Լքեց Ֆութպոլի Իր Ասպարէզը
Մարզական

Ռաքիթիչ Լքեց Ֆութպոլի Իր Ասպարէզը

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?