Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 25-27 մայիսին պիտի այցելէ Ռուսիա: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան մանրամասնած է, որ Ֆիտան պիտի բանակցի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը 25-27 մայիս աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոսկուա: Կը նախատեսուին բանակցութիւններ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Արտաքին գործոց նախարարները միտքեր պիտի փոխանակեն շրջանային խնդիրներու շուրջ` շեշտը դնելով Սուրիոյ, Լիպիոյ, Անդրկովկասի եւ Սեւծովեան շրջանին մէջ տիրող կացութեան վրայ», ըսած է Զախարովա: