Այսօր ժամը 22:00-ին Սպանիոյ «Էսթատիօ Սան Մամես» դաշտին վրայ (Պիլպաօ) տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որ իրար դէմ կը հանէ Անգլիոյ ակումբներէն Թոթենհամն ու Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Երկու խումբերն ալ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ ձախող տարեշրջան մը ունեցան, ուր Թոթենհամ 17-րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ Եունայթըտ` 16-րդ:
Ձեւով մը տարեշրջանը փրկելու տիտղոս մըն է ասիկա, ուր Թոթենհամ կը փորձէ 17 տարի ետք տիտղոս մը շահիլ: Աւստրալիացի մարզիչ Անկէ Փոսթեքոկլոս ճնշումի տակ կը գտնուի իր երկրորդ տարին անցընելով Թոթենհամի հետ, որ Եունայթըտի նման մեծ թիւով վիրաւորներ ունեցաւ (եւ տակաւին ունի) այս տարեշրջանին:
Թոթենհամ աւելի ինքնավստահ կ՛երեւի եւ 3 անգամ կրցած էր յաղթել Եունայթըտի դէմ ճակատումներուն այս տարեշրջանին:
Նոյնքան ճնշումի տակ չէ Եունայթըտի մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ, որ պիտի փորձէ Եունայթըտի 9-րդ եւրոպական աւարտականին տիտղոս մը շահիլ:
Ամորիմ կրնայ դառնալ Եունայթըտի երրորդ մարզիչը, որ տիտղոս կրնայ շահիլ իր առաջին տարեշրջանին: Ան կրնայ իր խումբը դարձնել պատմութեան 4-րդ լաւագոյն խումբը, որ եւրոպական տիտղոս կը շահի առանց որեւէ պարտութիւն կրելու (9 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն):
Թոթենհամի յառաջապահ Տոմինիք Սոլանքէ Եունայթըտի դէմ 4 մրցումներուն 5 կոլ կրցած է նշանակել եւ կատարած 4 էսիսթ: Պրունօ Ֆեռնանտեշ 7 կոլ նշանակած եւ 4 էսիսթ կատարած է Եունայթըտի հետ:
Եունայթըտէն պիտի բացակային Տալոթ, Տը Լիխթ, Լիսանտրօ Մարթինես, Լենի Եորօ եւ Եոշուա Զերքզի, մինչ Թոթենհամէն կը բացակային 10 մարզիկներ, որոնց կարեւորագոյնները կրնային ըլլալ Լուքաս Պերկվալ, Տրակուսին, Քուլուսեվսքի, Ճէյս Մետիսըն եւ Թիմօ Վերներ:
Օրուան իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Ֆելիքս Ցվայըր: