Լիոնել Մեսսի վերջերս ուրախ չէ: Իր Ինթեր Մայեմի խումբը երկուշաբթի առաւօտեան 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրած էր Օրլանտոյէն, եւ 8 անգամ պալոն տ՛օր շահած ֆութպոլիստը, որ հազուադէպօրէն հարցազրոյցի կը մասնակցի մրցումէն ետք, ըսած էր, թէ խումբը պէտք է գործէ իբրեւ խումբ…
«Դժուար ժամանակէ կ՛անցնինք, բայց պէտք է դուրս գանք այս վիճակէն: Հիմա կը տեսնենք, թէ իրապէս խո՞ւմբ ենք, թէ ոչ: Երբ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, շատ դիւրին է, բայց երբ դժուար ժամանակի մէջ ըլլաս, ինչպէս հիմա, պէտք է դառնանք աւելի խմբուած, իրապէս խումբ ըլլանք եւ դուրս գանք այս վիճակէն», ըսաւ Մեսսի:
Իր վերջին 7 մրցումներուն Ինթեր Մայեմի 1 յաղթանակ արձանագրեց եւ 5 պարտութիւն կրեց եւ այժմ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Արեւելեան շրջանին մէջ:
Անցեալ տարեշրջանին Մայեմիի խումբը 34 մրցումներու ընթացքին 22 յաղթանակ եւ 4 պարտութիւն արձանագրած էր` իրագործում մը կատարելով եւ լաւագոյն մրցանիշը արձանագրելով «Էմ. Էլ. Էս.»-ի մէջ` շահելով առաւելագոյն կէտերը եւ կրելով նուազագոյն թիւով պարտութիւնները:
Բայց այս տարեշրջանին ամէն ինչ տարբեր է: «Վատ արդիւնքներու շարք մը կ՛արձանագրենք, բայց լաւ պէտք է աշխատինք` մտածելու յաջորդ մրցումին մասին: Մայիսին 3-4 մրցում ունինք կատարելիք եւ շատ լաւ ելոյթ պէտք է ունենանք` պատրաստուելու ակումբներու մոնտիալին», աւելցուց Մեսսի: Մրցաշարքը կը սկսի 14 յունիսին, անիկա կը նկատուի Ինթեր Մայեմիի կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը` օրացոյցի վրայ:
Ինթեր Մայեմիի մարզիչ Խաւիէ Մասքերանօ յայտնեց, որ խումբը պիտի մնայ միասին եւ աւելի երկար ժամկէտով:
Մեսսի, որ 2,5 տարուան համար պայմանագրութիւն կնքած էր Մայեմիի հետ, հաւանական է, որ մնայ մինչեւ 2026, եւ ձեռք ձգելով Եորտի Ալպայի ստորագրութիւնը, մինչեւ 2027 կրնայ Մեսսիին համոզել, որ մնայ Պարսելոնայի իր խմբակիցին հետ` Ինթեր Մայեմիի ակումբին մէջ:
«Յոյսով, որ քանի մը շաբաթէն լաւ լուրեր կ՛առնենք Մեսսիի մասին: Կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր քայլ մըն է թէ՛ ակումբին համար, թէ՛ համակիրներուն եւ անշուշտ «Էմ. Էլ. Էս.»-ին համար», ըսաւ մարզիչ Մասքերանօ: