Իվան Ռաքիթիչ 2024-2025 տարեշրջանը աւարտելէ ետք Հայդուկ Սփլիթի հետ պաշտօնապէս յայտնեց, որ լքած է իր ֆութպոլիստի ասպարէզը:
37 տարեկան խրուաթ աստղը ֆութպոլի սիրահարներուն աւելի ծանօթ էր «Լա լիկա»-ի մէջ Սեւիլիայի եւ մասնաւորապէս Պարսելոնայի հետ:
Քաթալոնական ակումբին հետ Ռաքիթիչ 4 անգամ ախոյեան դարձած էր, շահած էր նաեւ Սպանիոյ բաժակը, ինչպէս նաեւ 2014-2015 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ը: Ան Սեւիլիայի հետ երկու անգամ շահած է «Եուրոփա լիկ»-ը: «Լա լիկա»-ի մէջ ան կատարած է 438 ելոյթ` ամէնէն շատ մրցումներու մասնակցող օտար մարզիկներու 5-րդ դիրքը գրաւելով: