– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, արաբական եւ նուիրատու երկիրները Լիբանանին յայտնած են, որ չեն կրնար վերաշինութեան ծրագիրին մէջ մտնել, նախքան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութեան յստակացումը, եւ անոնց համոզումով վերաշինութիւնը առնչուած է անհրաժեշտ բարեկարգումներ կատարելու պետութեան կարողութեան:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին յայտնած են. «Պատժամիջոցներու ջնջումը, մասնաւորաբար «Սիզըր» պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի նպաստէ Եգիպտոսէն կազի եւ Յորդանանէն ելեկտրականութեան ներածման ծրագիրի վերակենդանացման, եւ ամերիկեան նախկին վարչակազմը խոստացած էր զօրակցիլ այդ առնչութեամբ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի միջեւ գոյացած համաձայնութեան: