Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ

Մայիս 19, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 17 մայիս 2025-ին, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Գահիրէի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի, Թաուատրոս Բ. պատրիարքի եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքի 15-րդ հանդիպումը` մասնակցութեամբ մնայուն յանձնախումբի վեց անդամներուն:

Ժողովը քննարկեց ներկայ աշխարհի պայմաններու լոյսին տակ երեք եկեղեցիները յուզող հարցեր, միջեկեղեցական յարաբերութեան առնչուած խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ եւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու հետ առաւել սերտ գործակցութեան կարելիութիւնները: Ժողովի աւարտին, երեք հոգեւոր պետերը միացեալ յայտարարութիւն մը ստորագրեցին:

Ժողովի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուող Հնդկաստանի ասորի եկեղեցւոյ եւ հնդիկ կաթողիկոսութեան դիմագրաւած վարչական տարակարծութեան: Արամ Ա. կաթողիկոս առաջարկեց, որ Թաուատրոս Բ. պատրիարքը եւ ինք այս երկու եկեղեցիներու կաթողիկոսները Գահիրէ հրաւիրեն եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքի ներկայութեան հարցերը քննարկեն ու բարւոք լուծում առաջարկեն: Երեք հոգեւոր պետերը համաձայնեցան յուլիսին նախաձեռնել այս շինիչ քայլին:

Յայտնենք, որ մնայուն յանձնախումբի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անդամներն են Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Մակար արք. Աշգարեան:

Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի (325) 1700-Ամեակի

Միջին Արեւելքի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի, Թաուատրոս Բ. պատրիարքի եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքի հանդիսապետութեամբ, շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 մայիս 2025-ին, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Գահիրէի պատրիարքարանին եւ Սուրբ Մարկոս մայր տաճարին մէջ տօնախմբուեցաւ Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովին 1700-ամեակը:

Սոյն տօնակատարութիւնը ընդգրկեց հայ եկեղեցի-Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, ղպտի եկեղեցի եւ ասորի եկեղեցի եպիսկոպոսներու ժողովական հանդիպում, սուրբ համապատարագի մատուցում եւ հոգեւոր համերգ` երեք հոգեւոր պետերու նախագահութեամբ:

Արամ Ա. կաթողիկոս այս երեք առիթներով լուսարձակի տակ բերաւ Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովին պատմական կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց, թէ ան հիմքը կը կազմէ ուղղափառ քրիստոնէութեան, որուն պերճախօս արտայայտութիւնն է Նիկիական հանգանակին արտասանութիւնը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի նշումին մասնակցեցան Կոմիտաս արք. Օհանեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Շահէ արք. Փանոսեան, Մակար արք. Աշգարեան, Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Սահակ եպս. Եմիշեան, Պետրոս եպս. Մանուէլեան, Տաճատ եպս. Աշըգեան, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, Օշին վրդ. Չուալերթանեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

 

 

 

Նախորդը

Արաբական Վեհաժողովը Կը Պահանջէ Կազայի Վրայ Յարձակումը Դադրեցնել Եւ Օժանդակութիւններու Մուտքը Արտօնել

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?