ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերային ցանցերու հարթակներուն տրուած յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Պէյրութի եւ Պեքայի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն յայտնեց. «Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր ընտրամեքենային: Առաջին հերթին նկատի ունիմ մեր համակիր ժողովուրդը եւ կուսակցական ընկերները: Յատուկ կերպով կ՛ուզեմ անդրադառնալ մեր համակիր զանգուածի մասնակցութեան, որովհետեւ այս աշխատանքը չի վերաբերիր միայն այսօրուան: Այս աշխատանքը շաբաթներու վրայ երկարած աշխատանք է, մեր համակիրներն ու կուսակցական ընկերները կամաւոր դրութեամբ իրենց ժամանակը տրամադրեցին այս աշխատանքին, այն համոզումով, որ յաջողութեան իրագործումով իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարած պիտի ըլլան»:
«Լիբանանեան լրատուամիջոցներու մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ մեր ընտրամեքենային, որուն աշխատանքը բնորոշուեցաւ իբրեւ մեղուափեթակի աշխատանք», նշեց ան:
«Կը յուսանք, որ այսօր ալ, երբ կը փակուին քուէատուփերը, մենք կ՛ունենանք նոյն յաջողութիւնը, ինչ որ ունեցանք այլ շրջաններու մէջ», յայտնեց Պալապանեան:
«Պէյրութի մէջ գլխաւոր հարցը իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան խնդիրն է, եւ մեծ աշխատանք կ՛ենթադրէ այդ մէկը յաջողցնելու համար», ըսաւ ան:
«Ինչ կը վերաբերի այսօրուան ընտրութիւններուն, ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէն ինք նախաձեռնեց քրիստոնեայ կուսակցութիւններու եւ ներկայացուցիչներու համախմբումը ապահովելու: Այդ նախաձեռնութիւնը իր արդիւնքը տուաւ, շնորհիւ երկու շաբթուան ընթացքին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու շարքի մը, եւ այդ բոլոր ուժերը համաձայնութեան հասան: Այդ նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ ներկայացուցչութեան բաժանումի մը ճամբով», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը: