Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 15, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Համազգայինի  «Զուարթնոց» Երգչախումբի Համերգ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորի վարչութեան, վերջերս «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ ժողովրդային, ազգային եւ աշուղական հարուստ երգացանկով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի շուրջ 60 տարուան կեանք ունեցող «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան-Քէհքէճեանի: Օրուան հանդիսավար Սարգիս Սարգիսեան մերթ ընդ մերթ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ելոյթի յայտագիրին մասին: Ելոյթի աւարտին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիւլահեան Համազգայինի անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մայեսթրօ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանին «Զուարթնոց» երգչախումբին հետ որպէս խմբավար իր տասնամեայ վաստակին համար, ապա ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը` գնահատանքի յուշանուէր յանձնելու խմբավարին:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով` բարձր գնահատեց երգչախումբին խմբավարը եւ անոր մաղթեց նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ:

Միացեալ Նահանգներ

 Վաստակաւոր Երաժիշտ Եւ Խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

30 ապրիլին Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց երաժիշտ, խմբավար եւ յօրինող Խորէն Մէյխանէճեանը, որ անփոխարինելի վաստակ ներդրած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութեան բնագաւառէն ներս:

Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1937-ին: Ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուած է 1946-ին: 1956-1960 թուականներուն յաճախած է Սուրբ Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանը, որմէ ետք ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր աշակերտած է Թաթուլ Ալթունեանի: 1965 թուականին ստացած է երաժշտական ղեկավարութեան եւ խմբերգային երգեցողութեան մագիստրոսի աստիճանը: 1961-էն սկսեալ երկրորդ խմբավարը եղած է Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին, զոր կը ղեկավարէր Յովհաննէս Չեքիճեանը:

Խորէն Մէյխանէճեան իր գործունէութենէն երեք տարի նուիրած է Խորէնեան պատարագի երգչախմբային եւ երգեհոնի նուագակցութեան յօրինման: 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուած է Խորէնեան պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուած` հայ եկեղեցիներու մէջ:

Քանատա

Վահէ Սէթեանի Հնատիպ Գիրքերու Հաւաքածոն Կը Նուիրուի Քանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, 2 մայիսին Ազգային առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Վահէ Սէթեան» հնատիպ գիրքերու հաւաքածոյի բաժինին:

Սէթեան քոյրեր` Մայտա եւ Լենա Սէթեան Տէր Գալուստեան, որոշած էին իրենց հօր թանկարժէք հաւաքածոն նուիրել Ազգային առաջնորդարանի գրադարանին:

Գիրի ու գրչութեան պաշտպան` հանգուցեալ Վահէ Սէթեանի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոն երախտագիտութեամբ ընդունեց սրբազան հայրը, որպէսզի յատուկ կերպով պահպանուի Ազգային առաջնորդարանէն ներս:

Վահէ Սէթեան ծնած է Հալէպ եւ իր կեանքի վերջին տարիներուն հաստատուած է Մոնրէալ, բայց յաճախակի այցելութիւններ կատարած է Լիբանան, որուն մեծ սիրով կապուած էր: Ան եղած է լիբանանահայ մշակոյթի գործիչ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի հիմնադիր, արուեստի եւ մշակոյթի գործիչ:

Սրբազանը պաշտօնական բացման արարողութեամբ ներկայացուց գիրքերու հաւաքածոն եւ յայտնեց բախտաւորութիւնը եւ պատիւը` նման հաւաքածոյ մը ունենալու Ազգային առաջնորդարանէն ներս:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹ

Երկար բացակայութենէ ետք,  3 մայիսին Մոնրէալի Theatre Beaubois հանդիսասրահին մէջ անզուգական ելոյթով հանդէս եկաւ Համազգայինի Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Սարգիս Պարսեմեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Հուրի Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ` մասնակցութեամբ Rhapsodie քառեակին, գլխաւորութեամբ Նայիրի Փիլոյեանի:

Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Քնար» երգչախումբին մօտ վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Գարագաշեան, որ յայտնեց, թէ երգչախումբը սոյն համերգով սկիզբը կը դնէ իր երկարամեայ գոյութեան նոր փուլին եւ իր քառասուն անդամներով կը վերցնէ նոր մարտահրաւէր մը` դառնալու աւելի կազմակերպ, աւելի մասնագիտական ու աւելի ճոխ երգացանկով խումբ մը: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդ արուեստասէրներուն` խտացնելու «Քնար»-ի շարքերը, բարձրացնելու անոր ձայնը` զայն դարձնելով աւելի տիրական ու հնչեղ, եւ հրաւիրեց Քեպեքի հասարակութիւնը` անվարան զօրավիգ կանգնելու անոր:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Սարգիսեան:

Ֆրանսա

Լիտիա Գասպարեանի «Harmonies D՛Arménie» Խորագիրով Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը

28 ապրիլին Փարիզի 10-րդ շրջանի թաղապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Լիտիա Գասպարեանի «Harmonies d՛Arménie» խորագիրով եւ Հայաստանին նուիրուած ինքնատիպ լուսանկարներ ներառող ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը: Ելոյթ ունեցան` Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, Փարիզի 10-րդ շրջանի թաղապետ Ալեքսանտրա Քորտըպար եւ Լիտիա Գասպարեան:

Հանդիսութեան ընթացքին հանդէս եկաւ «Երեւան» ֆրանսահայ համոյթը, որ մեկնաբանեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ` հայկական ժողովրդական երգեր:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 մայիս:

ՀՄԸՄ-ի Նոր Մասնաճիւղի Հիմնադրութիւն Նիսի Մէջ

3 մայիսին Նիսի «Պարսամեան» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ֆրանսայի չորրորդ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչներ Ֆատի-Խաժակ Գազանճեանի եւ Սեւակ Թորոսեանի, ՀՄԸՄ-Ֆրանսի (Փարիզի) եւ Մարսէյի վարչութիւններու անդամներու եւ սկաուտ խմբապետներու, ինչպէս նաեւ 42 անդամներու:

Ժողովին կարդացուեցաւ վեցամսեայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրները, ապա ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեւակ Թորոսեան գնահատանքի խօսք արտասանեց կազմակերպիչ կազմին, որ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ Կեդրոնական վարչութեան ցուցմունքներուն եւ յաջողեցաւ իրականացնել այս ժողովը:

Ընտրութեան օրակարգով մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ ընտրուեցան` Մակի Ճորճեան, Սոնիա Գասապեան, Սօսի Շէխոյեան-Թաթարեան, Հռիփսիմէ Պոշնագեան եւ Ալիք Արսլանեան:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան նորընտիր վարչութեան փոխանցեց միութեան դրօշը, Սեւակ Թորոսեան` ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան դրօշը, իսկ Ֆետի-Խաժակ Գազանճեան` ՀՄԸՄ-ի կանոնագիրը:

Այս առիթով սրտի խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-Ֆրանսի եւ Մարսէյի ներկայացուցիչներ` Պօղոս Մահպուպեան եւ Էրիք Սարաճեան:

Աւարտին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի հայապահպանման մեծ դերակատարութիւնը` նշելով, որ 107-ամեայ այս միութիւնը աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութիւնը կը համախմբէ սկաուտական, մարզական եւ դաստիարակչական ծրագիրներով, առիթ տալով, որ բոլորը իրարու ծանօթանան, հայերէն խօսին, հայերէն մտածեն եւ հայօրէն գործեն, մինչեւ որ կատարենք մեր ուսերուն դրուած պարտքը` փոխանցուած այս դրօշները զետեղենք Արարատի գագաթին, իսկ մեր սկաուտները իրենց բանակումը կատարեն Արարատի լանջերուն:

«Il Cello» Եռեակը, Մասնակցութեամբ Լեւոն Խոզեանի, Դարձաւ  The Voice-ի 14-րդ Եղանակի Յաղթականը

3 մայիսին «Il Cello» եռեակը, բաղկացած` Լեւոն Խոզեանէ, Սալվաթորէ Լիվոլսիէ եւ Սեպասթիէն Լոնկիէ, դարձաւ The Voice-ի 14-րդ եղանակի յաղթականը` հանրութեան քուէներուն 49 տոկոսով: Եռեակը կազմած էր Ֆլորան Փանըյի, խումբերու փորձերու ընթացքին:

Պատկերասփիւռի այս մրցումի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ մրցանակը կը շահի խումբ մը:

Ֆլորան Փանըյի մեծապէս հրճուած անոնց յաջողութեամբ` յայտարարեց, որ կը մտադրէ համագործակցիլ եռեակի անդամներուն հետ եւ թերեւս տանիլ զանոնք համերգներու շրջապտոյտի մը: Այս յաղթանակին շնորհիւ «Il Cello»-ն ձեռք կը ձգէ պայմանագիր մը «Universal France»-ին հետ:

Տուպայ

Հայկ Կազազեան Արժանացաւ Առաջին Մրցանակին «Classic Violin Olympus» Միջազգային Մրցոյթին

 22-28 ապրիլին Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ 2025-ի «Classic Violin Olympus» միջազգային մրցոյթը, որուն ընթացքին 42-ամեայ ջութակահար Հայկ Կազազեան արժանացաւ առաջին մրցանակին` շահելով 200 հազար եւրոյի պարգեւ մը: Ան նաեւ ջութակագործ Ֆապիօ Փիաճենթինիի կողմէ նուէր ստացաւ «Սթրատիվարիուս»-ի օրինակով յատկապէս պատրաստուած ջութակը:

Բեմին վրայ մրցանակը ստանալու պահուն Կազազեան ըսաւ, որ երազի մը պէս անհաւատալի է իրեն համար եւ  շնորհակալութիւն յայտնեց իր նուագին եւ արուեստին նկատմամբ ցուցաբերուած գնահատանքին համար:

Աւարտականին 12 ջութակահարներ մրցեցան վեց փուլերէ բաղկացած ծրագիրին ընթացքին, որ նախատեսուած էր տարբեր հմտութիւններ ցուցադրելու, ներառեալ ելոյթներ` Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին (խմբավար` Սերգէյ Սմբատեան) եւ Մատրիտի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ, անհատական ելոյթներ եւ հարցում-պատասխան` դատակազմի անդամներուն հետ:

Մնացեալ 11 մրցակիցները արժանացան 10 հազարական եւրօ դրամական պարգեւի:

Յայտնենք, որ ծանօթ խմբավարներէ եւ հեղինակաւոր նուագախումբերու, փառատօներու եւ համերգային շարքերու տնօրէններէ բաղկացած 25 հոգինոց դատակազմի իւրաքանչիւր անդամ եզրափակիչ փուլին հասած քանի մը մրցակիցներու կ՛առաջարկէ իրենց յառաջիկայ համերգներէն մէկուն ընթացքին ելոյթ ունենալ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Առողջապահական. Ուղեղի 7 Վարժութիւններ, Որոնք Կը Սրեն Յիշողութիւնը

Յաջորդը

«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?