Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչումներ
Սուրիա
Հովանաւորութեամբ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Գէորգ եպս.Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի միութիւններուն, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկներ:
Արդարեւ, 24 ապրիլին Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, մատուցուեցաւ պատարագ, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած նահատակաց յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ապա բակին մէջ թափօրի շրջումով` յատուկ արարողութեամբ նշուեցաւ 28 մարտին Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ երանելի Ինգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առիթը:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ «Ամինեան» սրահին մէջ: Օրուան հանդիսավար Շանթ Կեցոյեան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներու յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԵՄ-ի ատենապետ Միսաք Թեմիզեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց` պահանջատիրական մեր կեցուածքները ամուր պահելը, Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ բարձր գիտակցութիւն ցուցաբերելը եւ խորքային ծրագիրներով ընթանալը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք օրուան բանախօս մեթր Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց Հայ դատի իրաւական հիմքերը: Ան առանձնացուց Հայ Դատին առնչուած միջազգային վեց պայմանագրեր` ի մասնաւորի կեդրոնանալով Սեւրին եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին վրայ:
Ան նշեց պահանջատիրական դատի պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրող կամ ապատեղեկանք տարածող դէպքեր ու ելոյթներ` զուգահեռներ գծելով քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերուն իրագործուած` Արեւմտահայաստանի եւ Արցախի երկու ցեղասպանութիւններուն ու բռնի տեղահանութիւններու միջեւ: Ան լուսարձակի տակ առաւ ներկայ տիրող պայմաններուն ու պահանջներուն համաձայն մեր մշակած կամ ի գործ դրած ազգային ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը եւ այս առնչութեամբ ներկայացուց առաջադրանքներ:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գէորգ եպս.Ասատուրեան: Ան առանձնացուց հայ ժողովուրդի ազգային իւրյատկութիւնները, անոր անկոտրում կամքն ու կորովը Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ կեդրոնանալով ազգային արժէքներու տէր կանգնելու հրամայականին եւ ի մասնաւորի լեզուի պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ:
* 24 ապրիլին, Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ եւ Ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ փողերախմբին մասնակցութեամբ, հանդիսաւոր երթ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Սուրբ Յովսէփ առաջնորդանիստ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած սրբոց նահատակաց նուիրուած վերանորոգեալ յուշարձանի օծումը եւ պաշտօնական բացումը:
Այնուհետեւ սրբադասեալ նահատակներու մասունքները, զետեղուած` զմռսեալ արկղի մէջ, տեղադրուեցան յուշարձանի գուբին մէջ` իբրեւ անմահ վկաներ մեր հաւատքին, պատմական ճշմարտութեան եւ արդար պահանջատիրութեան:
Յունաստան
24 ապրիլին Նէա Զմիռնիի մէջ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ալիս Ապրոյեան, որ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման եւ անոր բնիկ ժողովուրդի ամբողջական տեղահանութեան ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման: Ապրոյեան նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ 110 տարի անպատժելի մնացած Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ շեշտեց հայ ժողովուրդի պայքարի աննկուն կամքը` հաստատելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ հատուցում ստանալու:
* 23 ապրիլին Քալամաթայի մէջ կանգնած հայկական խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:
Նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեանի, տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգ, ապա ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սերգօ Գափլանեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին եւ հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութեան, որուն շարունակութիւնը հայ ժողովուրդը ճաշակեց Արցախի դէմ հայասպանական յարձակումով` Ազրպէյճանի կողմէ եւ արծուաբոյնի հայաթափումին դառն իրականութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման կարեւորութիւնը եւ Յունաստանի կողմէ տարագիր հայութեան պատսպարումը, յատկապէս` Քալամաթայի մէջ հայ տարրի ներկայութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
* Կազմակերպութեամբ Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մարզպետարանի եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին, 27 ապրիլին Քսանթիի մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը:
Բացման խօսքը արտասանեց Մարի Տուլղերիտու – Փափազեան, որ անդրադարձաւ` մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, մշակութային կործանումին, Արցախի նահատակներուն եւ մինչեւ օրս ապօրինի կալանաւորման եւ գերիներու բանտարկութեան շեշտելով, որ անըմբռնելի է, որ անպատիժ մնացած ըլլան Թուրքիոյ ոճիրները եւ այսքան տարիներ ետք տակաւին արդարացում պահանջելը:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին` կառավարութեան կողմէ Քսանթիի երեսփոխան Սփիրիտոն Ցիլիկիրիս եւ փոխմարզպետ Փոլիքսենի Պրիքա: Քաղաքապետի ողջոյնի խօսքը յղեց փոխքաղաքապետ Իոաննիս Ցափարիս: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի խօսքը կարդաց Ատրիանա Խրիստոֆորիտու:
Օրուան բանախօս փրոֆ. Աֆենտուլի Լակիտիս անդրադարձաւ Թուրքիոյ հերթական քաղաքականութեան, նաեւ` իր շուրջ երկիրներու հանդէպ (Յունաստան, Կիպրոս, Սուրիա եւ այլն), Արցախի լրիւ տիրացումին եւ Թուրքիոյ անզիջող ժխտումին` ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ քաղաքական անձերու յայտարարութիւնները, նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի աշխարհագրական վայրին ու անոր անկարողութեան մրցելու շրջանի երկիրներու հետ, անոր վարած քաղաքականութեան, եւ շեշտեց, որ այսօրուան աշխարհաքաղաքական պահանջները հրամայական կը դարձնեն մեր պայքարի շարունակութիւնը:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
* 23 ապրիլին Թեսաղոնիկէի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած թատերական ներկայացում` «Անժէլ Քուրթեանի տետրակները» խորագիրով: Թատերական կատարումը, որ մեկնաբանուեցաւ յունահայ դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեանի մենախօսութեամբ, կը ներկայացնէր այն աղէտալի ու դաժան դէպքերը, զորս ապրեցաւ հայ ազգը, անոր տեղահանութիւնը իր հայրենիքէն եւ Զմիւռնիոյ աղէտը, ուր կրկին դաժան օրերու կրկնութիւնը եղաւ հայ ժողովուրդին:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, 24 ապրիլին Այա Սոֆիա հրապարակէն ընթացք առաւ ժողովրդային բողոքի ցոյց` դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան: Ցուցարարները բարձրաձայն հնչեցուցին արդարութեան ձայնի պահանջները, նաեւ յունարէն լեզուով խօսք առին եւ ոգեշնչող ու խրախուսիչ պատգամներով յորդորեցին բոլորը վճռական քայլերով շարունակել երթը` յանուն արդարութեան, յանուն պահանջատէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մանաւանդ յանուն մեր սրբադասուած նահատակներու թափած արիւնի ամէն մէկ կաթիլին փոխարէն:
* 27 ապրիլին, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի եւ Թեսաղոնիկէի մարզպետարանի համակազմակերպութեամբ, «Վելիտիօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկ:
Ներկայ էին նաեւ` ներքին գործոց նախարար Քոսթաս Կիւլեքաս, զարգացման փոխնախարար Սթաւրոս Քալաֆաթիս, աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան փոխնախարար Աննա Էֆթիմիու, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ երեսփոխան Տիամանտիս Քոլիտաքիս, կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանի ներկայացուցիչ Աթինա Աթանասիատու, քաղաքապետի ներկայացուցիչ Սթելիոս Ակելուտիս եւ մեծ թիւով պաշտօնական ներկայացուցիչներ ու բաձրաստիճան հիւրեր, ազգային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու, միութիւններու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, քաղաքական ու պետական անձնաւորութիւններ եւ յոյն ու հայ ժողովուրդ: Նշենք նաեւ, որ սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սերրեսի մեր հայրենակիցները:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամ Գրիգոր Մարուքեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի խօսքը արտասանեց հիւպատոս Լիանա Մարութեան, իսկ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան ուղերձը` Անի Մոսինեան:
Օրուան բանախօսն էր Յունաց սպայից ակադեմիայի դասախօս տոքթ. Քոնստաթինոս Ղրիւաս որ խօսեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը թրքական աշխարհաքաղաքական ինքնութիւնը եւ նոր միջազգային համակարգը» նիւթին շուրջ: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` դէպի երրորդ զօրաբանակի Անծանօթ զինուորի յուշարձանը, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
Իրաք
Հովանաւորութեամբ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, կազմակերպութեամբ Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ Պաղտատի մէջ գործող հայ միութենական հաստատութիւններուն եւ յանձնախումբերուն, 25 ապրիլին տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին:
Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Պերճ Թուֆենքճեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայերու դէմ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած ջարդերու, հայ ժողովուրդի մարդկային ահռելի կորուստներու կողքին ունեցած մշակութային եւ կրօնական հսկայական կորուստներու մասին, աւելցնելով, որ շուրջ դար մը ետք թշնամին դարձեալ շարունակեց իր կիսատ մնացած ծրագիրը եւ արցախահայութեան դէմ գործեց իր ոճիրը:
Ելոյթ ունեցաւ Ռաուաա Քերիմ Սապար «Հայոց ցեղասպանութիւնէն Կազա. պատմական դասեր և ներկայի մարտահրաւէրները» նիւթով:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ 1915-ին օսմանեան կառավարութեան կողմէ իրականացուած 1,5 միլիոն հայ զանգուածային սպանութիւնները եւ ոճրագործութիւնները տակաւին անպատիժ կը մնան, շեշտելով, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ժխտումը առիթ ստեղծեց, որ նոր ցեղասպանութիւններ տեղի ունենան, եւ անոնք կը շարունակուին մինչեւ օրս: Սրբազանը ըսաւ, որ հարկ է պահանջատէր գտնուիլ եւ դատապարտել ոճրագործները` կանխելու համար նոր ոճիրներ, որոնք տեղի կ՛ունենան ընդհանուր մարդկութեան դէմ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ ցուցադրուեցաւ ցեղասպանութեան մասին տեսերիզ մը:
Ջաւախք
Նախաձեռնութեամբ Ջաւախքի «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան, 23 ապրիլին Ախալցխայի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ջահերով երթ:
Բազմաթիւ ախալցխահայեր քաղաքի կեդրոնէն բարձրացան դէպի Ախալցխայի Մարտա թաղամասի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի մօտ, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն:
Գերմանիա
Հայոց ցեղասպանութ»ան 110-ամեակին առիթով Լայփցիք քաղաքի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն: Ելոյթ ունեցան` եկեղեցւոյ հովիւ Պեռնարտ Շթիֆ, Լայփցիքի քաղաքապետարանի Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Գաբրիէլէ Կոլրֆուս, Լայփցիքի հայկական մշակութային միութեան նախագահ Անահիտ Բաբայեան, Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ Կիւսթաւ-Ատոլֆ-Ուերք բարեգործական հիմնադրամի հովիւ Էնօ Հաքս, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիքթոր Ենգիպարեանի յիշատակի խօսքը ներկայացուց դեսպանութեան խորհրդական Լուսինէ Դաւթեան:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին աղօթք կարդաց արեւելեան Գերմանիոյ եւ Պերլինի մէջ հայ համայնքի հովիւ Յակոբ քհնյ. Յակոբեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
Ֆրանսա
Ապրիլի 24-ին Մարսէյի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին շուրջ տեղի ունեցաւ հաւաք: Հայաստանի հիւպատոս Արա Մկրտչեան իր ելոյթին մէջ վերահաստատեց պատմական ճշմարտութիւնը: Ֆրանսայի պետական նախարար Պրունօ Ռոտայօ դատապարտեց Պաքուի մէջ պահուող 23 հայերու կամայական բանտարկութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց յիշողութեան պարտքը, ժողովրդավարական զգօնութիւնը եւ արդարութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը: Նախարարը ներկայացուց երկու նախաձեռնութիւն` Մարսէյի եւ Երեւանի քոյր քաղաք դառնալու գործընթացը, որ միաձայնութեամբ հաստատուած է Քաղաքային խորհուրդի կողմէ, նաեւ երկու համանման յուշակոթողներու կառուցումը` մէկը Մարսէյի միւսը Երեւանի մէջ, երկուքին հայեացքները ուղղուած դէպի միեւնոյն հորիզոնը` համերաշխութեան խորհրդանիշ: Մարսէյի քաղաքապետ Պենուա Փայան մեծարեց սփիւռքի լուռ, բայց կենսական ներդրումը` կոչ ուղղելով երիտասարդներուն հպարտօրէն կրել իրենց հայկական ինքնութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Յովհաննէս Գէորգեան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն մարդկային կեանքեր խլեց, այլեւ` ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը վերացուց, աւելցնելով, որ այսօր եւս Հայաստանը կանգնած է գոյութեան վտանգի առջեւ: