Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Սուրիա
* Հալէպի մէջ 24 ապրիլին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի արարողութիւն, որմէ ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ երիտասարդաց միութեան կազմակերպած «Արիւնդ կեանք է ուրիշին» խորագիրով արեան տուչութեան արշաւ` գործակցութեամբ Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնին:
Սրահին մէջ արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժան Տաուլէ: Ան ըսաւ, որ իբրեւ երախտագիտութիւն Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մեր նախնիներուն հանդէպ Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդկային եւ եղբայրական մօտեցումին կու գանք մեր արիւնը նուիրաբերելու սուրիական հայրենիքին, որ եղած է քաղաքակրթութիւններու այն օրրանը, ուր հայ ժողովուրդը եւս գոյութիւն հաստատած է ու պիտի շարունակէ ապրիլ եւ արարել` մասնակից դառնալով զօրաւոր եւ արդիական Սուրիոյ կերտումին:
Հայերէն բացման խօսքով Լիւսի Կրպոյեան-Նալպանտեան յայտնեց, որ 24 ապրիլ 1915-ի դաւադրութիւնը իր նպատակին չհասաւ, հայը վերապրեցաւ քաղաքակիրթ աշխարհներու մէջ, իսկ քանի մը տարի ետք կերտեց իր անկախ պետութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիա եւս ճանչնայ ու դատապարտէ Ցեղասպանութիւնը, ապա կոչ ուղղեց` չյուսահատելու, այլ` գործելու յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Յայտնենք, որ 159 հայորդիներ իրենց արիւնը նուիրաբերեցին Սուրիոյ ժողովուրդին:
* Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, 24 ապրիլին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած կեդրոնական հանդիսութիւնը:
Արաբերէն բացման խօսքով Պարոյր Պիթար, իսկ հայերէնով Մարմանդ Գէւոյեան անդրադարձան օրուան խորհուրդին:
Հալէպահայ կազմակերպութիւններու խօսքը ներկայացուց ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչ տոքթ. Յովիկ Աթոգեան, որ Ցեղասպանութիւնը իր ծրագրուած սպանդներով, մշակութային ջարդով եւ ժխտումներով հայութիւնը զրկեց հայրենիքէն, բայց չկրցաւ ոչնչացնել անոր կենարար կամքը: Սերունդներ անդադար փոխանցեցին Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը` որպէս ազգային գոյութեան պահպանման ու արդարութեան վերահաստատման հիմք:
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան յանդիմանեց ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք այս սուրբ օրը անտեսելով իրենց ազգային ու մարդկային պարտաւորութիւնը չկատարեցին, ո՛չ եկեղեցի ներկայացան, ո՛չ ալ` ոգեկոչական արարողութիւններու, այլ օրը արձակուրդի օր համարելով` ժամանցի տրամադրեցին: Սրբազան յորդորեց յատկապէս կրթական մշակները եւ դաստիարակները` դպրոցական տարիներէն բարձրացնել աշակերտներուն գիտակցութիւնը, ուղղել զանոնք եկեղեցի եւ սեփական ընթացքով օրինակ դառնալ անոնց, որպէսզի ազգային գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութեան զգացումը խարսխուին անոնց մէջ վաղ տարիքէն:
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր:
* 23 ապրիլին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչում` կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք համայնքներէն յառաջացած յանձնախումբին եւ ՍԵՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան անդամ Սօսէ Նարէ Գարայեան:
Օրուան բանախօսն էր Սուրիոյ Հայ դատի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Ծերուն Գահվէճեան: Ան ներկայացուց աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը, որ մեզ կը մղէ յիշելու, արժեւորելու եւ գործելու: Ապա անդրադարձաւ պատմական իրադարձութիւններուն, 110 տարի առաջ օսմանեան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ծրագրած Ցեղասպանութեան, որուն պատճառով հայ ժողովուրդը դարձաւ մարդկութեան դէմ գործուած աննկարագրելի ոճիրի զոհ, իսկ այսօր ան կանգնած է յուշակոթողներուն եւ յիշատակի արարողութիւններուն առջեւ ո՛չ որպէս զոհերու ժառանգորդ միայն, այլ` որպէս ողջ մնացած ոգիի, սերունդէ սերունդ փոխանցուած ամրութեան ու յիշողութեան կրող:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեան: Ան օրուան խորհուրդը ներկայացնելէ ետք ըսաւ, որ այս տարի երկրի տիրող պայմաններուն բերումով ապրիլ 24-ի ձեռնարկները սահմանափակուեցան միասնական մէկ ձեռնարկով, եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ:
Յորդանան
Ամմանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումները ընթացք առին 24 ապրիլի երեկոյեան Ս. Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հսկումի արարողութեամբ, որուն աւարտին ԱՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շեփորախումբերուն առաջնորդութեամբ, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնեցուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի խաչքարին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ սրբախօսական կարգ եւ ծաղկեմատոյց:
110-ամեակի ոգեկոչական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ԱՄՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԱՄՄ-ի ատենապետ Մարալ Ներսէսեան: Ան ըսաւ, որ անտեսել կամ մոռնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` կը նշանակէ չգիտնալ մեր այսօրուան կացութեան, սփիւռքի գոյութեան պատճառը: Ան անհրաժեշտ նկատեց յաղթահարել հայութեան դէմ ցցուող դժուարութիւները եւ շարունակել տասը տարի առաջ ստորագրուած` Հայոց ցեղասպանութեան Համահայկական հռչակագիրին աշխատանքը, միաժամանակ նոր սերունդին մէջ արթուն պահել պատկանելիութեան զգացումը եւ ազգային հպարտութեան ոգին, պատմելով, թէ ո՛վ էր հայը Ցեղասպանութենէն առաջ, գիտնալով մեր ազգին դարաւոր պատմութիւնը, ճանչնալով եւ տէր ու պաշտպան կանգնելով մեր հողերուն եւ հայրենի սրբազան ժառանգութեան:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի վարչութեան ատենապետ Արսինէ Ճանպազեան: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը ունէր չորս նպատակ հայ մտաւորականութեան եւ ղեկավարութեան գլխատում, հայ հողի բռնագրաւում, տեղահանութիւն եւ ինքնութեան բնաջնջում: Ճանպազեան հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները պիտի չմոռնան, պիտի չներեն եւ պիտի չարտօնեն նման ողբերգութիւններու կրկնութիւնը` պահանջելով արդարութեան իրականացումը եւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացումը:
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութիւնը մեզի համար պատմական անցեալ չէ, ներկայ է, ամէնօրեայ ապրուող իրականութիւն է, որովհետեւ մենք տակաւին չենք յաղթահարած ապրիլ 24-ի հետեւանքները: Աննախընթաց իր տարողութեամբ, Ցեղասպանութիւնը հայութենէն խլեց իր թիւին մէկ երրորդը, իսկ հողերուն` հինգ վեցերորդը: Ցեղասպանութեան յատկանիշները եղան` մեր ժողովուրդին դարաւոր հայրենիքէն բռնի տեղահանումը, հայկական տնտեսութեան յափշտակումը եւ հայ մշակոյթին փոշիացումը: Հայոց ցեղասպանութիւնը ունեցաւ ամբողջական բնոյթ, որովհետեւ ան տարածուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային, տնտեսական, ստեղծագործական եւ քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Հայ ժողովուրդը բնաջնջուեցաւ իր հազարամեայ հողին վրայ: Միջազգային ընտանիքի լուռ ու մեղսակից աչքերուն դիմաց սպաննուեցաւ ո՛չ միայն ցեղը, այլեւ` հողը:
Բանախօսը նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման օրը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, երբ մեր ժողովուրդը պահ մը կանգ առնէ, լռութեան մատնէ իր ներքին զգացումները եւ մտքի պաղարիւնութեամբ ու հանդարտ վերլուծումով քննէ իր վիճակը եւ ըստ այնմ ճշդէ հետեւելիք ուղին: Հայութեան մերօրեայ կացութեան ընդհանուր ներկայացումն ու արժեւորումը կատարելով, Վիգէն Աւագեան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ քանի նաւթ ու դաշնակից չունինք, այլ ընտրանք չունինք` բացի մեր ուժերուն ապաւինելէ եւ մեր միջոցներով մեր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելէ: Բոլորս` անհատաբար թէ հաւաքաբար, իբրեւ անհատ ազգայիններ թէ ընտանիքներ, իբրեւ միութիւններ թէ մարմիններ` պարտաւոր ենք ազգային խոր գիտակցութեամբ ու հաւատքով մեր առաւելագոյն ներդրումը ունենալու հայութեան պայքարին, տէր կանգնելու համար դարաւոր մեր ժողովուրդի ամրութեան, որովհետեւ միայն զօրաւոր սփիւռքով, իր իրաւատիրոջ վերադարձած Արցախով եւ ամուր հայկական պետականութեամբ կրնանք Թուրքիոյ եւ ռազմաքաղաքական իր դաշնակիցներուն պարտադրել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը:
Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ եւ յորդանանահայոց առաջնորդ Աւետիս ծ. վրդ. Իփրաճեան իր կարգին շեշտեց հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ ապրիլ 24-ը տարուան բոլոր օրերուն յիշելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին, Լոս Անճելըսի պահանջատէր հայութիւնը ապրիլ 24-ին իրականացուց շարք մը ձեռնարկներ` շեշտը դնելով միասնականութեան, արդար հատուցում ապահովելու եւ ուրացման դէմ դնելու ջանքերուն վրայ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբին, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ին կազմակերպած նախաձեռնութիւնները տպաւորիչ պատգամ մը յղեցին այս նպատակներուն նուիրուելու պատրաստակամութեան գծով:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան շեշտեց, որ ապրիլ 24ը միայն սգալու օր չէ, այլ նաեւ` անյապաղ գործի անցնելու եւ շեշտելու, որ նոյնիսկ յիշելը դիմադրութեան միջոց մըն է, եւ` գիտակցելու, որ միասնականութիւնը մեր ուժն է:
Օրը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած աղօթքով եւ ծաղկեպսակներ զետեղելու արարողութեամբ, որուն մասնակցեցան` կրօնական եւ համայնքային ղեկավարներ, պետական պաշտօնատարներ եւ հարիւրաւոր հայորդիներ:
Յետմիջօրէին, ՀԵԴ-ի առաջնորդութեամբ, Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի տարեկան ցոյցը, որուն մասնակցողները անգամ մը եւս պահանջեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Ղազարեան շեշտեց, որ պայքարը միայն յիշելու համար չէ, այլ դիմադրելու` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Սփիւռքի տարածքին, յոյժ կարեւոր նկատելով պայքարին շարունակականութեան ապահովումը:
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ասթինէ Սիւլէյմէնեան յայտարարեց, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցածը ոչ թէ հակամարտութեան մը հետեւանք էր, այլ ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու կազմակերպուած գործողութիւն մըն էր, եւ համայն աշխարհը տեղի ունեցածը իբրեւ ցեղասպանութիւն պէտք է ճանչնայ:
Քանատա
* Թորոնթոյի մէջ, Ապրիլեան ոգեկոչումի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 24 ապրիլի առաւօտեան, քաղաքի կեդրոնի «Սիթի հոլ»-ին դիմաց:
Օրուան հանդիսավար, Հայ դատի յանձնախումբի անդամ` Քաթիա Տէր Յովակիմեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեր նահատակներուն, որմէ ետք իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ցաւով ու վիշտով, այլեւ` նպատակաուղղուածութեամբ, որովհետեւ հայուն հանդէպ անարդարութիւնը տակաւին կը շարունակուի, բայց այս անգամ` Արցախի մէջ: Ան շեշտեց, որ պատմութիւնը ժխտելը կամ մերժելը պարզապէս անցեալը մոռնալ չէ, այլ` անարդարութեան ճամբայ:
Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի նախկին նախագահ Տէյվիտ Ուորնըր ելոյթ ունենալով` ներկայացուց 1915-ին տեղի ունեցած պատմական իրողութիւնը եւ շեշտը դրաւ իր աջակցութեան վրայ` Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ` Թորոնթոյի հայ համայնքին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Քանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Ճին Եիփ, որ փոխանցեց Ազատական կուսակցութեան առաջնորդ եւ Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի ուղերձը: Ապա օրուան հանդիսավարը կարդաց Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ Փիեր Փոլիեւրի ուղերձը: Կարդացուեցաւ նաեւ Քանատայի Նոր դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճասմիթ Սինկի ուղերձը: Քանատայի խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները իրենց ուղերձներուն մէջ զօրակից էին քանատահայութեան:
Յաջորդաբար խօսքեր արտասանեցին` Օնթարիօ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւորներ Արիս Պապիկեան, Ճոնաթան Ցաոյին, Ատիլ Շամճին, Պրետ Պրետֆորտ, Ճոշ Մեթլոու, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին` քանատահայ համայնքին, Հայ դատին, Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայութեան ապահով կերպով Արցախ վերադարձին:
Յայտագիրի առաջին բաժինէն ետք սկիզբ առաւ քայլարշաւը դէպի թրքական հիւպատոսարան, ուր հանդիսավար Հուրինա Պէրպէրեան-Վերտանեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան, ապա անգլերէնով օրուան պատգամը յղեց Արիանէ Ղազարեան, որ իր խօսքը թուրք հիւպատոսին ուղղելով` ըսաւ, որ հաւաքուած ենք` յիշատակելու Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը, որ գործուեցաւ իրենց ձեռքով, շեշտելով, որ հիւպատոսը եւ Էրտողան չեն կրնար պատմութիւն մը ջնջել: Ան նաեւ ներկայացուց հետեւեալ պահանջները. ա) Ընդունիլ եւ յայտարարել 1915-ին կատարուած ոճրագործութիւնը, բ) Խոնարհիլ եւ ներողամտութիւն խնդրել հայերէն, գ) Պատասխանատու ըլլալ եւ հատուցում տալ 1915-ին կատարուած իրողութեան, դ) Պատմական իրողութիւն մը կայ, զոր կարելի չէ բնաջնջել, որովհետեւ այդ մէկը կ’ապրի մեր միտքերուն, հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ, ե) Վերադարձնել այն բոլոր իրաւունքները, զորս խլած են մեզմէ` փորձելով ծածկել, զ) Անմիջապէս զինադադար յայտարարել եւ իրենց արիւնաթաթախ մատները հեռացնել Արցախէն եւ Արցախի հայութենէն:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
* Քեպեքի մէջ, կազմակերպութեամբ Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբին, 24 ապրիլին Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի շրջափակէն սկիզբ առաւ Մոնրէալի հայութեան բողոքի եւ պահանջատիրութեան քայլարշաւը, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով: Քայլարշաւը` ընթացաւ աշակերտներու բողոքի եւ պահանջատիրութեան կանչերով` Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեայ ժխտումը, Արցախի հայութեան հանդէպ կատարուած ցեղասպանութիւնն ու բռնագաղթը, Թուրքիոյ յանցագործութիւններուն շարունակականութիւնը եւ Ազրպէյճանի բռնարարքները դատապարտող:
* Օթթաուայի մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Քանատայի Երիտասարդական միութեան, 24 ապրիլին տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր` մասնակցութեամբ Քանատայի տարածքին գտնուող Քանատայի երիտասարդական միութեան բոլոր մասնաճիւղերուն:
Ցոյցը սկիզբ առաւ Օթթաուայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմացէն, ուր ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութեան ուղերձը յղեց Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Մինաս Վարդանեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն իր արտասանած խօսքին մէջ կասկածի տակ դրաւ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը աւելցնելով, որ այսօր, երբ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, միջազգային ճանաչում ստացած է եւ անժխտելի փաստ է համաշխարհային պատմութեան համար. Հայաստանի ղեկավարին նման յայտարարութիւնները ոչ միայն անընդունելի են, այլեւ` վտանգաւոր: Վարդանեան հաստատեց, որ այսօր, 110 տարի ետք, նոր աղէտի առջեւ ենք: Սեպտեմբեր 2023-ին, միջազգային ընտանիքի լուռ համաձայնութեամբ, Ազրպէյճան ռազմական յարձակում գործեց Արցախի վրայ` աւարտին հասցնելով դարաւոր ծրագիրը` հայաթափելով եւ բռնագաղթի ենթարկելով Արցախի հայութիւնը իր հայրենի հողերէն: