Տենվըր Նակեթց եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր կիրակի գիշեր շատ ձախող ելոյթ մը ունեցան իրենց 4-րդ ճակատումին, ուր առաջին մասին միայն 25 կէտ նշանակեցին… միասնաբար: Արդարեւ 12 վայրկեաններէ ետք («Էն. Պի. Էյ.»-ի 1 մասի ժամանակը) Թանտըր 17-8 արդիւնքով յառաջացաւ ձախողութեան մրցանիշի մը հաւասարելով: 2002-ին բնական ախոյեանութեան գծով Տիթրոյիթ Փիսընզ 16-9 արդիւնքով յառաջացած էր Թորոնթօ Ռեփըրզի դէմ մրցումին: 1999-ին ալ Փորթլենտ եւ Եութա 14-11 արդիւնք մը ձեռք ձգած էին առաջին մասին:
2 կէտի կողովներուն միջին յաջողութիւնը 18,2 առ հարիւր էր, մինչ 3 կէտնոց կողովներու յաջողութիւնը շատ աւելի նուազ էր… Տենվըր իր 14 փորձերէն ոչ մէկը նշանակեց, մինչ Օքլահոմա 11 փորձերէն 1-ը կրցաւ նշանակել:
Ի վերջոյ Օքլահոմա 87-92 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տենվըրի դաշտէն, եւ ճակատումներու հաշիւը այժմ հաւասար է (2-2):
Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր 25 կէտ նշանակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն խումբին` Օքլահոմայի հաշուոյն, մինչ Տենվըրի սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 27 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Այլ մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ Ինտիանափոլիսի մէջ, ուր Ինտիանա Փէյսըրզ 129-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արեւելեան շրջանի լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած Քլիվլենտ Քեվելիրզը:
Ինտիանա կարծէք գտած էր Քլիվլենտին յաղթելու բանալին եւ մրցումի սկիզբէն սուրաց: Կիսախաղին 80-39 արդիւնքով ետ մնացած Քլիվլենտ կորսնցուց իր աստղ Տոնավըն Միչելը, որ վիրաւորուեցաւ կիսախաղէն առաջ: Ինտիանա պահ մը 44 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգած էր, եւ Բ. կիսախաղին առանց Միչելի Քլիվլենտ գրեթէ յոյս չուէր հասնելու Ինտիանային, որուն կը մնայ մրցում մը եւս յաղթել: Այժմ 3-1 արդիւնքով յառաջացած Ինտիանա առաջին երկու մրցումներուն անակնկալի բերած էր Քլիվլենտը` յաղթելով այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Մայլզ Թըրնըր 20 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տարիըս Կարլենտ 21 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ պէտք է մնացեալ 3 մրցումներն ալ յաղթէ` հասնելու Արեւելեան շրջանի աւարտական: