Ուքրանահայ միջին կշիռի բռնցքամարտիկ Կարէն Չուխաջեան ռինկ վերադարձած էր անցեալ տարուան աւարտին Ճարոն Էննիսէն կրած պարտութենէն ետք:
Ըստ «Արմէնփրես»-ին, ուքրանահայ բռնցքամարտիկը մրցեցաւ արժանթինցի Քրիսթիան Խաւիէ Այալայի դէմ, Գերմանիոյ Ռոսթոք քաղաքին մէջ:
Մրցումը կը բաղկանար 10 ռաունտերէ, որոնց ընթացքին ուքրանահայ մարտիկը առիթ չտուաւ իր մրցակիցին եւ ջախջախիչ որոշումով (99-91, 99-91 եւ 99-92 արդիւնքով) եղաւ վերջնական ախոյեան: