40 վայրկեան տաժանակիր աշխատանքէ ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրցաւ յաղթել Ազուրին 74-71 արդիւնքով եւ հասաւ աւարտական:
4-րդ ճակատումի մրցումին հերոսը` Տանիելլա Ֆայյատ, անբախտ էր եւ 3 վայրկեան չխաղցած ծունկը վիրաւորելով դուրս եկաւ դաշտէն: Յոյսով, որ անոր վերադարձով աւարտական մրցումը` Ռիատիին դէմ, հաւասարակշռուած ըլլայ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ առաջին 2 վայրկեաններուն 7-3 արդիւնքով կը յառաջանար, իսկ մրցակից խումբի լաւագոյն օտարը` Էննեքա Էզիկպօ, 2 ֆաուլ կատարած էր: Սակայն վերջին (4-րդ) ճակատումին ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկ Տանիելլա Ֆայյատ գնդակին հետ պայքարի պահուն վիրաւորեց իր ծունկը եւ… կաղալով դուրս եկաւ դաշտէն: Յաջորդը` 3 կէտնոց կողով Փերլա Պու Նասրի միջոցով: ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրցաւ պահել իր առաւելութիւնը` քիչ մըն ալ ոգեւորուելով ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն, որոնցմէ մաս մը առիթ ունեցած էին դաշտ մտնելու` գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծելով:
Առաջին մասի վերջերուն 10-22 եղաւ արդիւնքը, բայց Ազուր կողով մը նշանակելով այս մասը աւարտեց 12-22 արդիւնքով:
Բ. մասին ալ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կարելի եղածին չափ լաւ ձեւով պաշտպանեց ու իր կարգին կէտեր ալ նշանակեց եւ մինչեւ կիսախաղ արդիւնքը աւարտեց 30-33 չնչին առաւելութեամբ:
Համակիրները կիսախաղին վստահաբար կը մտածէին, թէ որքանով պիտի կրնայինք պահել մեր առաւելութիւնը առանց Տանիելլային…
Պէտք է ըսել, որ կանուխ ֆաուլեր շահած ՀՄԸՄ Անթիլիաս աւելի հանգիստ սկսաւ երկրորդ կիսախաղը եւ արագ կէտերէ ետք մօտ 2 վայրկեանի ընթացքին վերստին հեռացաւ 11 կէտերով: Ազուր փոխադարձեց տարբերութիւնը 6-ի իջեցնելով, մինչ ՀՄԸՄ վերստին կը բարձրացնէր զայն 11-ի: Ազուրի ի վերջոյ մօտեցաւ եւ 3 կէտի նուազեցուց տարբերութիւնը մինչեւ 4-րդ մասի սկիզբը: Վերջին 10 վայրկեանն էր, երբ համակիրներուն վրայ ջիղ մնացած չէր, մինչ մարզիկները սկսած էին յոգնիլ:
Ազուր կանուխ կէտեր բերաւ եւ հաւասարեցաւ, բայց ՀՄԸՄ պատասխանեց Մարթա Պըրսի շնորհիւ` 5 կէտի հասցնելով առաւելութիւնը: Ազուրէն Վիքթորիա Մաքոլէյ կը փոխադարձէր 3 կէտնոց կողովով, մինչ Պըրս կը պատասխանէր:
Մրցումին վերջին 5 վայրկեանը մտած էինք, երբ Ազուր հաւասարեցաւ 62-րդ կէտին վրայ: Այտա Պախոս 64-62-ի բարձրացուց արդիւնքը ի նպաստ Ազուրի, բայց Կապի Սաատի 2 ազատ հարուածները կարեւոր էին վերստին հաւասարելու: Մարթա 2 կէտ եւս աւելցուց, ապա Փերլայի 2 կէտերը կարեւոր էին 64-68-ի հասցնելու արդիւնքը: Այտա Պախոս աւարտէն 1 վայրկեան առաջ տարբերութիւնը 2-ի իջեցուց, բայց Փերլա Պու Նասրի 3 կէտնոց կողովը ձեւով մը հանգստացուց մթնոլորտը… ժամանակաւորապէս: 33 երկվայրկեան կար, եւ ՀՄԸՄ 5 կէտերու առաւելութիւն ունէր: Ֆաուլ` Մարթայի վրայ, որ առաջինը կորսնցնելէ ետք նշանակեց 2-րդը… ժամանա՞կ` 24 երկվայրկեան: 66-72 արդիւնքով կը կարծուէր, թէ դիւրին պիտի ըլլայ, սակայն… Փերլա ֆաուլ կատարեց Վիքթորիա Մաքոլէյի վրայ, որ 3 կէտեր կը փորձէր նշանակել:
2 կողովներ նշանակելէ ետք Վիքթորիա կորսնցուց 3-րդ փորձը եւ վերստին ստանալէ ետք գնդակը 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց, աւարտէն 11 երկվայրկեան առաջ… Արդիւնք` 71-72:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս ժամանակ պէտք է կորսնցնէր, մինչ Ազուր ժամացոյցը պէտք է կեցնէր, եւ ֆաուլ: Մարթա անգամ մը եւս ֆաուլի ենթարկուեցաւ (10-րդ անգամ) եւ նշանակեց իր 2 ազատ հարուածները: Արդիւնք` 71-74, եւ մնացեալ 5 երկվայրկեաններուն Ազուր կը փորձէր յարձակիլ, երբ Մարթա «գողցաւ» գնդակը` աւարտելով մրցումին ժամանակը եւ Ազուրի այս տարեշրջանը:
Այս ձեւով ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները մեծ պայքարով կրցան հասնիլ աւարտական, առաջին անգամ ըլլալով 2019-էն ետք:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ միշտ ալ աւարտական հասած էր վերջին տարիներուն, երեք յաջորդական տարիներ ախոյեան դառնալէ ետք, 2019-ին 3-1 ճակատումներու արդիւնքով պարտուած էր Ռիատիէն: Տարի մը ախոյեանութիւն տեղի չէր ունեցած, որմէ ետք 4 աւարտականներուն ալ հասած էին Ռիատին եւ Պէյրութ Ֆըրսթը, որոնք բաժնուած էին տիտղոսները: Այս ձեւով կրնանք ըսել, որ 2019-ի աւարտականը պիտի կրկնուի, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի փորձէ ախոյեան դառնալ 2018-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով: