Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ իր կեցութեան վայրին` Պայան պալատին մէջ ընդունեց Քուէյթի վարչապետի տեղակալ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ֆահտ Եուսեֆ Սէուտ Սուպահը` ներկայութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի, Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպանատան գործավար Ահմետ Արֆայի եւ ընկերակցող պատուիրակութեան:
Շէյխ Սուպահ յայտնեց. «Լիբանանը իւրաքանչիւր քուէյթցիի սրտին մէջ է, եւ քուէյթցի ժողովուրդը կը զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդին եւ բոլոր պայմաններուն մէջ անոր կողքին կը կանգնի»:
Ան ըսաւ, որ քուէյթեան եւ լիբանանեան ապահովական ծառայութիւններուն միջեւ գործակցութեան եւ տեղեկութիւններու փոխանակումին շնորհիւ դէպի Քուէյթ թմրեցուցիչի մաքսանենգման շարք մը փորձեր բացայայտուեցան:
«Քուէյթ պիտի շարունակէ Լիբանանին օժանդակութիւններ տրամադրել եւ այս ծիրին մէջ պատրաստ է անոր բոլոր խնդրանքներուն ընդառաջելու», աւելցուց Քուէյթի փոխվարչապետի պաշտօնակատարը, որ նաեւ յայտնեց, թէ իր երկիրը կը դատապարտէ «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները»:
Նախագահ Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց. «Քուէյթի տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանին տրամադրած աջակցութեան համար»` նշելով. «Քուէյթի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները շատ հին են, անոնք արմատացած ու ամուր են, եւ լիբանանցի եւ քուէյթցի ժողովուրդներուն միջեւ սիրոյ զգացումը փոխադարձ է»:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանան բոլոր ոլորտներուն մէջ, մասնաւորաբար անվտանգութեան ոլորտին մէջ կը գործակցի քուէյթեան կառավարութեան հետ:
Հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ «լիբանանցիներուն Քուէյթ մուտքը դիւրացնելու, ինչպէս նաեւ դիւրացնելու քուէյթցիներուն Լիբանան վերադարձն ու տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու»:
Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց Քուէյթի գահաժառանգ շէյխ Սուպահ Խալետ Համատ Սուպահը եւ անոր հետ քննարկեց «լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները կեանքի կոչելու, երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնութիւնները վերակենդանացնելու եւ տնտեսական ու ներդրումային ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ծաւալը բարձրացնելու կարեւորութիւնը:
Քննարկուեցաւ Պաղտատի մէջ գումարուելիք յառաջիկայ արաբական վեհաժողովն ու շրջանին մէջ տիրող ներկայ զգայուն փուլին մէջ անոր կարեւորութիւնը:
Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ այսօր Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ գումարուելիք վեհաժողովի հարցը, ինչպէս նաեւ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Լիբանանի կացութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Քուէյթի գահաժառանգը նախագահ Աունը առաջնորդեց Պայան պալատի գլխաւոր շէնքը, ուր տեղի ունեցան հանրապետութեան նախագահի եւ Քուէյթի իշխան շէյխ Մեշաալ Ահմետ Ժապեր Սուպահի միջեւ պաշտօնական բանակցութիւնները:
Քուէյթի իշխանը յայտնեց, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է Լիբանանին աջակցելու եւ քուէյթեան-լիբանանեան ու լիբանանեան-ծոցեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
Նախագահ Աուն իշխանին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած կարեկցանքին եւ Քուէյթի` լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կանգնելուն համար:
Նախագահ Աուն Քուէյթ իր այցելութեան ընթացքին քուէյթեան լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին քուէյթցիներուն կոչ ուղղեց` Լիբանան այցելելու եւ ընդգծեց, որ ինք արաբ եղբայրներուն կողքին կը կանգնի: