Երկուշաբթի, 12 մայիս 2025-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով` ընկերակցութեամբ Լիբանանի ու Սուրիոյ ռուս համայնքի առաջնորդ հայր Ֆիլիփի: Վերջինս ռուս եկեղեցւոյ պետ Քիրիլ պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին խօսակիցները անդրադարձան Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան, հայ եւ ռուս եկեղեցիներու փոխյարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ աղերս ունեցող խնդիրներու:
Յիշեալ հարցերուն շուրջ տեսակէտներու ու մտահոգութիւններու փոխանակում կատարուեցաւ յատկապէս վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ: