Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ գիշեր պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով յայտնեց. «Կ՛ուզենք միացեալ Սուրիա մը, որ իր բոլոր զաւակներուն համար է, առանց փոքրամասնութիւններու վրայ յարձակումներու, եւ կը դատապարտենք անոր վրայ իսրայէլեան յարձակումները»:
«Մենք 1948 թուականէն ի վեր, այսինքն` աւելի քան 77 տարիներէ ի վեր շրջանին մէջ իսրայէլեան ծրագիր մը կը դիմակայենք», ըսաւ շէյխ Քասեմ:
«Իսրայէլ կ՛ուզէ Կազայի մէջ Դիմադրութեան վերջ տալ, սակայն չկրցաւ ատիկա ընել», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ կը փորձէր 17 մայիս 1983-ի համաձայնութեան ճամբով Լիբանանի մէջ կուլ տալու գործողութիւն կատարել, սակայն չկրցաւ ատիկա ընել»:
«Դիմադրութիւնը վերջին պատերազմի ընթացքին Իսրայէլին արգելք հանդիսացաւ Լիբանանի մէջ յառաջանալ», նշեց Քասեմ:
«Մեր ոտքերուն վրայ կանգուն պիտի մնանք, եւ թշնամին մեր կեցուածքէն ու տոկունութենէն պիտի յուսալքուի», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Լիբանան Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ իր յանձնառութիւնները կատարեց, եւ Դիմադրութիւնը Լիթանիէն հարաւ զինադադարին յանձնառու եղաւ», նշեց ան:
«Լիբանան չի կրնար ներքին կայունութիւն ունենալ` մեկուսացնելով եւ առանձնացնելով իր բաղադրիչ մասերէն մէկը», ըսաւ շէյխ Քասեմ: