– ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը մեծ ջանքեր կը թափեն, որպէսզի Ծոցի մնացեալ երկիրները, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը հետեւին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իրենց քաղաքացիներուն Լիբանան ճամբորդելը արտօնելու օրինակին»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուրուագծուիլ սկսաւ բանակցային լուրջ երթ մը, որուն առանցքը խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումին եւ ուժի կիրարկման օրինական իրաւունքի տէրը դառնալու ճամբով պետութեան գերիշխանութեան ամրապնդումն է»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ընտրութիւններուն մէջ առաջին յաղթականները իշխանութիւնն ու անոր կառավարութիւնն են, որոնք ակներեւ յաջողութեամբ յաղթահարեցին ընտրական առաջին գործընթացը»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ բանակի հետախուզական բաժանմունքը նախապէս Համաս շարժումէն Իսրայէլի վրայ 22 եւ 28 ապրիլին հրթիռարձակումներու հարցով կասկածելի պաղեստինցի մը ստանձնելէն ետք, երէկ Համաս շարժումէն նոյն հարցով այլ պաղեստինցի կասկածելի մը ստանձնած է եւ սկսած է զինք հարցաքննել` առնչակից դատական մարմինի հսկողութեան տակ: