Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շրջան այցելութիւնը շատ կարեւոր է, եւ անկասկած Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ թղթածրարները բանակցութիւններու սեղանին վրայ եղող թղթածրարներ են»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին:
«Ոմանք այն կարծիքին էին, թէ Եգիպտոսն ու Յորդանանը պիտի փոխեն իրենց դիրքորոշումը եւ ընդունին Կազայի մէջ «Ռիվիերա»-ի ծրագիրը, սակայն անոնց դիրքորոշումը հաստատ է, եւ այսքան ուժեղ չէր ըլլար առանց արաբական պետութիւններու, մասնաւորաբար Ծոցի երկիրներուն հետ համակարգումին», նշեց դեսպանը:
Նշենք, որ Թրամփ Ռիատ եւ Տոհա այցելելէ ետք երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնեցաւ` շարունակելու համար Արաբական ծոցի մէջ իր շրջապտոյտը: