Լեռնալիբանանի նահանգապետը երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց ներքին գործոց նախարարութիւն` յանձնելու համար Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու արդիւնքները:
Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար կէսօրին նախարարութեան մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն շուրջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ընտրական հոլովոյթի յաջողութեան:
Հաժժար նշեց. «Լեռնալիբանանի գաւառներուն մէջ ընտրութիւններուն արդիւնքները յառաջիկայ ժամերուն իրերայաջորդ կերպով պիտի հրապարակուին»:
Ան ըսաւ, որ պահանջած է անձամբ հսկել քուէահամարի յանձնախումբերէն արդիւնքներու ստանձնման, եւ պատրաստուած է համակարգչային յատուկ ծրագիր մը ստուգելու համար արդիւնքները, նախքան զանոնք պաշտօնապէս յայտարարելը: