Կար ժամանակ, երբ լիբանանցիները համաժողովրդային ձեռնարկներով, ցասումի եւ յանձնառութեան վերանորոգ ուխտով կ՛ոգեկոչէին Նահատակաց օրը: 6 մայիս Նահատակաց օր, Նահատակներու հրապարակ` ամբողջական եւ միացեալ խորհուրդով երրորդութիւն մը: Լիբանանեան դրօշներով զարդարուած Նահատակաց հրապարակը, ծաղկեպսակներով դարպասուած Նահատակներու յուշարձանը ազգային արժանապատուութեան ներշնչանքի աղբիւր կը ներկայանային երիտասարդ սերունդներուն:
6 մայիս 1916…
Պատմութեան տխրայուշ այս թուականը կը խորհրդանշէ օսմանեան բռնակալութեան դէմ ազատագրութեան ճանապարհին վրայ ինկած արաբ ժողովուրդին հայրենասիրական եւ հերոսական մաքառումներու յիշատակը:
Նահատակաց օրը Լիբանանի տարաբախտ ժողովուրդը յարգանքի տուրք կը մատուցէր հասարակաց թշնամիին դէմ մաքառած նահատակներուն: Պատմութիւնը արդարացիօրէն իր դատակնիքը դրոշմած է օսմանեան բռնակալութեան ոճրային յղացքներուն: Որքան մարգարէական եւ իրաւացի կը հնչէ Վիքթոր Հիւկոյի` թուրքը անցաւ այստեղէն արտայայտութիւնը:
6 մայիս 1916…
Ալէյ գիւղաքաղաքի օսմանեան պատերազմական ատեանին վճիռով արաբ ժողովուրդի քսան եւ մէկ հայրենասէրներ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ միեւնոյն օրը կախաղան բարձրացան: Թուրանական ծրագիրներու իրագործման ճանապարհին ոճրագործ թուրքը խտիր չդրաւ իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբին միջեւ: Ի՞նչ էր կախաղանի վրայ նահատակներուն «մեղքը»: Անոնք կը մերժէին ձուլուիլ օսմանեան բարքերուն մէջ եւ կառչած կը մնային արաբական մշակոյթի, ինքնուրոյնութեան եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան: Նահատակներու պանթէոնը կը հարստանար Մոհամետ Շանթի, Ապտել Ղանի Արայիսի («Մուֆիտ» թերթի խմբագիր), բանաստեղծ Օմար Համայի, Էմիր Արեֆի («Ֆաթհ Արապ» թերթի տնօրէն), կրթական մշակ` Թուֆիք Պսաթի, Ահմետ Թապպարայի («Իթթիհատ Օսմանի» թերթի խմբագիր), մտաւորականներ Սէյֆէտտին Խաթիպի, Փետրօ Փաւլիի, Ճըրճի Հատատի, թրքական բանակի սպայ Սալիմ Ճազայիրիի, մարոնի քահանայ Թուֆիք Հայեքի, Էմին Լութֆիի, շէյխ Ճալալ Պուխարինիի, բանաստեղծ Ռաֆիք Սալլումի, Ռիւշտի Պէյ Շամայի, Ապտել Համիտ Զահրաուիի, Շիւքրի Պէյլ Ասէյլիի եւ ուրիշ անմահներու արեամբ…: Բոլորն ալ` հայրենասիրութեան եւ արաբականութեան նահատակներ:
Ալէյի ռազմական ատեանը չբաւարարուեցաւ մտաւորականներու ֆիզիքական հաշուեյարդարով: Այս անմարդկային ոճիրներուն դէմ յառաջանալիք ժողովրդային ըմբոստութիւնը խեղդելու նպատակով Սուրիոյ եւ Լիբանանի երեւելի ընտանիքներ, նշանաւոր քաղաքական դէմքեր տեղահանուեցան ու աքսորուեցան Կիլիկիոյ եւ կեդրոնական Անատոլուի խորերը: Գլխատուած ժողովուրդը ենթարկուեցաւ հալածանքի ու բռնութեան: Անօթութիւնը այն աստիճանի հասաւ, որ ի մասնաւորի Լիբանանի մէջ` յառաջացաւ սովամահութիւն եւ համաճարակ: Մարդկային ողբերգութեան այս ժամանակաշրջանին հայ եւ արաբ ժողովուրդներու ճաշակած բռնութիւններուն, տեղահանութեան մասին հազուագիւտ մանրամասնութիւններ կարելի է քաղել արիւնարբու Ճեմալ փաշայի քարտուղար Սալեհ Ֆըքրիի վկայութիւններէն:
Իրերու բնական բերումով հայ եւ արաբ ժողովուրդները, աշխարհագրական դրացնութեամբ, հոգեկան, մշակութային, իմացական եւ այլ մարզերու մէջ կիսած են միեւնոյն արժանիքները: Շփումները նուազ չեն եղած հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ, մեծամասնութեամբ` բարեկամական: Երկու ժողովուրդներն ալ ենթարկուած են թրքական բռնակալութեան դաժան եւ անմարդկային ճակատագիրին: Ապրիլ 24-ը եւ մայիսը 6-ը ժամանակագրական առումով հեռաւոր թուականներ չեն բախտակից երկու ժողովուրդներուն համար:
Լիբանանահայութեան համար Նահատակաց օրը միաժամանակ երախտագիտութեան օր է ` արաբ ժողովուրդին մարդասիրական ծառայութիւններուն: Մեր վիշտերը հասարակաց թշնամիին դէմ միեւնոյնն են եւ նոյնքան խոր: Պերլինի, Թիֆլիսի մէջ եւ այլուր թուրք դահիճները զգետնող հայ վրիժառուները միաժամանակ կը լուծէին արաբ, քիւրտ ժողովուրդներուն վրէժը:
Արաբական պատմութեան տխուր այս հանգրուանէն անցած են հարիւր եւ աւելի տարիներ: Դժբախտաբար, անհասկնալի պատճառներով հայրենիքի եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան համար կախաղաններու վրայ իրենց գերագոյնը նուիրաբերող հայրենասէրները անգամ մը եւս նահատակուեցան, երբ Թուրքիոյ ճնշումներուն տակ եւ քաղաքական կարգ մը հոսանքներու լուռ մեղսակցութեամբ, պետական որոշումի մը պատճառով ազգային սգոյ օրը կորսնցուց իր խորհուրդը եւ վերանուանուեցաւ Մամլոյ նահատակներու յիշատակի օր: Ոչ մէկ նախատինք` մամլոյ նահատակներուն, սակայն նախընտրելի պիտի ըլլար իր խորհուրդին մէջ պահել օսմանեան բռնատիրութիւնը խորհրդանշող Լիբանանի պատմութեան տխուր մէկ ժամանակաշրջանին յիշատակը եւ տարբեր թուականի մը ոգեկոչել մամլոյ նահատակներուն յիշատակը:
«Անցեալը ուրացող ժողովուրդը կը կորսնցնէ ապագան»,- ըսած է Ուինսթըն Չըրչիլ…
Երկիւղածօրէն կը խոնարհինք օսմանեան բռնատիրութեան դէմ պայքարող արաբ ժողովուրդի նահատակներուն անթառամ յիշատակին առջեւ:
Ողջո՛յն հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան: