ՎԱՀԷ ՍՐԿ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ
Դ. ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ
Պատշգամը կանգնած երիտասարդ մը, աչքերը յառած յաւերժութեան, ինքնիրեն կը խորհէր. «Ի՜նչ գեղեցիկ է ծաղկալից այս աշխարհը»… Անդին, սպիտակազգեստ ծերունի մը, որ կանգնած էր իր կողքին, մեղմութեամբ, ցաւով ու կսկիծով կ՛ըսէ. «Թոռնի՛կս, ճիշդ է, որ կը զմայլիս դիմացդ պատկերուած բնութեամբ, սակայն երբ տեսնես հայրենիքդ, որքա՜ն աւելի պիտի զմայլիս», եւ աչքէն շիթ մը արցունք կը հոսի…
Երիտասարդը այս անգամ փակ աչքերը կը յառէ յաւերժութեան եւ կը սկսի դիտել իր հոգիին խորքը, ուր կը տողանցէին հայրենի լեռները, ուր խաղաղութիւն կը տիրէր, ուր կը հնչէին մայրենի լեզուին քաղցր բարբառներն ու մեծ հայրերու աւանդական երգերը: Հայրենիք մը, ուր երիտասարդը չէր ծնած, հայրենիք մը, զոր չէր տեսած: Սակայն անով մեծցած ու սնանած էր… Կը տեսնէր բերրի հող մը, ուր կ՛աճէին արեւու նման ոսկեշող ծիրաններ: Կը տեսնէր գարուն մը, ուր կը ծաղկէին եդեմական պարտէզին բոլոր ծաղիկները: Եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը եւ մանուկներու ծիծաղը սթափեցուցին զինք, եւ նկատեց, որ երկնակամարին վրայ գեղեցիկ ձեռագիրով մը ուրուագծուեցաւ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ բառը…
Մեծ հօր աչքէն չեն վրիպիր երիտասարդին ապրումները, լուռ կը ժպտի, իր կարօտը, սէրը եւ հողին հետ անքակտելի կապը` այդ հսկայ ժառանգութիւնը անուղղակիօրէն փոխանցուած էր թոռան: Անցեալն ու ներկան հանդիպած եւ ընդելուզուած էին իրարու:
Մեծ հայրը յուզումնախառն ժպիտով կը սկսի բացատրել. «Հայրենիքը լեռ չէ, հող չէ, տուն չէ, հայրենիքը մեր սիրտն է, մեր տան օճախն է: Հայրենիքը կ՛ապրի իւրաքանչիւրիս մէջ, եթէ օր մը կ՛ուզես հայրենի հողիդ վրայ հպարտ կանգնիլ, ապա սրտիդ մէջ սերմանուած հայրենիքիդ հունտը ցանէ բոլորին մէջ, որպէսզի երբ օրը գայ, եւ այդ սերմերը ծառ դառնան, իրենց ճիւղերով տապալեն թշնամին եւ իրենց արմատները հաստատեն հայրենիք` ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ վրայ»:
Երիտասարդին սիրտը սկսաւ արագ բաբախել: Կրկին գոցեց աչքերը եւ այս անգամ սկսաւ պատկերացնել ա՛յն հայրենիքը, որուն մէջ հայու շունչ կար, հայու ոգի, հայու արիւն եւ դարաւոր մշակոյթ: Կը տեսնէր, թէ մայր մը իր զաւակին ինչպէ՛ս հայերէն գրել-կարդալ կը սորվեցնէր, մեծանուն գրողներու` Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, մեծ երաժիշտ Կոմիտասի կը ծանօթացնէր… Անդին` ուրիշ մայր մը իր զաւակին ֆետայիներուն քաջագործութիւնները կը պատմէր: Կը լսէր շարականներ, ազգային եւ յեղափոխական երգեր: Յանկարծ հողը խօսեցաւ երիտասարդին հետ ու ըսաւ. «Բարի՛ գալուստ հայրենիք` ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ»:
Երիտասարդը աչքերը բացաւ եւ զարմանալիօրէն իր աչքին առջեւ պարզուեցաւ իրեն հարազատ տեսարան մը: Հոգին հանգիստ էր ու խաղաղ: Երիտասարդը հոն կը տեսնէր հող մը, որ իրեն սպասած էր դարեր շարունակ, հող մը, որուն վրայ կը ծածանէր եռագոյնը, Ամբողջական Հայաստան մը եւ այդ պահուն ինք հասկցաւ, թէ ինք սովորական մարդ մը չէ, այլ ՀԱՅ է:
Մեծ հայրը արցունքոտ աչքերով ձեռքը դրաւ թոռան ուսին եւ ըսաւ. «Գնա՛ գտի՛ր արմատներդ եւ անոնցմով աւելիով ամրապնդուէ՛: Սիրէ՛ ազգդ ու հայրենիքդ ամէն բանէ աւելի, ներդրո՛ւմդ ունեցիր` ձգտելու քաղաքական եւ դիւանագիտական ձեռքբերումներու, իրականացնելու` Մէկ եւ Ամբողջական Հայրենիքի տեսլականը, որպէսզի դուն եւ զաւակներդ ապրիք հոն, ա՛յն հողին վրայ, որ քեզ շատ կը սիրէ:
Երիտասարդը խոնարհեցաւ մեծ հօր շիրիմին եւ գունագեղ ծաղիկներ զետեղեց անոր վրայ: