Հայ դատը կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդին պահանջները` տիրանալու իր արդար իրաւունքներուն, վերականգնելու հայոց պետականութիւնը եւ կերտելու մէկ ու միասնական հայրենիք մը: Հայ դատին գլխաւոր նպատակն է նաեւ մեր ձայնը լսելի դարձնել միջազգային մակարդակով, մինչեւ որ թուրք պետութիւնը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Հայ աշակերտը` իբրեւ հայ ժողովուրդին ապագան, իբրեւ Հայ դատի պաշտպանը, իր ուսերուն ունի մեծ պարտաւորութիւն մը` պահել իր ինքնութիւնը եւ պայքարիլ վասն արդարութեան ու ճշմարտութեան: Մեզի վստահուած են` մեր ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները:
Հայ աշակերտը պիտի շարունակէ այն արդար պայքարը, որ սկսած են իր նախնիները եւ նոյն ոգիով ու նոյն յանձնառութեամբ հայկական վարժարաններու մէջ իր ստացած գիտելիքներով, ինքնավստահ քայլերով, հաւաքական աշխատանքով եւ ծառայութեան ոգիով պիտի շարունակէ իր երթը` իրականացած տեսնելու հայ ժողովուրդին դարաւոր երազը` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:
Մեր վարժարաններուն մէջ, հայ աշակերտը գիտական նիւթերու կողքին, կը սորվի` մեր պատմութիւնը, մեր լեզուն, մեր կրօնը եւ մեր երգերը, որոնք իր նկարագիրը կը կերտեն: Դարերու ընթացքին թուրքը փորձած է մեր նախահայրերուն ստիպել, որ մոռնան հայերէնը եւ թրքախօս ըլլան, սակայն չեն յաջողած:
Նաեւ պատմութեան ընթացքին թուրքերն ու ազերիները բազմաթիւ անգամ փորձած են Հայ դատը մոռցնել տալ` օգտագործելով զանազան միջոցներ, սկսելով պատմական փաստերու խեղաթիւրումով, մինչեւ միջազգային հարթակներու վրայ սպառնալիքներ բանեցնելով եւ հայութեան ձայնը խլացնել փորձելով: Սակայն հայ աշակերտը, իր գիտակցութեամբ եւ նուիրումով, կը շարունակէ կառչած մնալ իր դատին` յանուն պատմական ճշմարտութեան եւ արդար իրաւունքներու հատուցման:
Հայ աշակերտը` իբրեւ Հայ դատի գիտակից եւ անմահ ջահակիր, հաւատալով, որ արդարութիւնը պիտի յաղթէ, իբրեւ յոյսի խորհրդանիշ հերոս` կը հաւատայ, որ յաղթանակի արեգակը ուշ կամ կանուխ պիտի ծագի: