Պէյրութի մէջ 2025-ին «Արամ Մանուկեան» մատենաշարէն լոյս տեսաւ Յարութ Գնդունիի «Լիբանանահայ թատրոնը (1920-2020)» գիրքը: Հրատարակութիւնը ձօնուած է լիբանանահայ թատրոնին ծառայած բոլոր նուիրեալներուն:
Յառաջաբանին մէջ խմբագիր Վարուժան Թէնպէլեան կ՛ըսէ, որ Գնդունիի այս եզակի աշխատասիրութիւնը կը միտի լիբանանահայ թատերական մէկդարեայ գործունէութեան համապարփակ ուսումնասիրութեան` մանրամասնելով ներդրումը իւրաքանչիւր թատերախումբի, բեմադրիչի եւ բազմաթիւ դերասաններու, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են մշակութային հարուստ աւանդի ստեղծումին:
Լիբանանահայ թատրոնին նուիրուած Յարութ Գնդունիի այս ուսումնասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ.
Ա) 1920-էն 1940-ական տարիները, թէ ինչպէս սկսաւ թատերական շարժումը Լիբանանի մէջ, ինչ խումբեր եկան ու անցան` այցելու դերասաններով, շրջանաւարտից միութիւններու թատերախումբեր, անհատ դերասաններ եւ թատերական գործիչներ:
Բ) 1940-էն 1980-ական տարիները կազմուած գլխաւոր թատերախումբերը, ինչպէս նաեւ այդ օրերուն գործող տասնեակ մը թատերախումբերու եւ բեմադրիչներու գործունէութիւնները` իրենց ներկայացուցած բեմադրութիւններով, թերթերու եւ մտաւորականներու կարծիքներով:
Գ) 1980-էն մինչեւ 2020 գործող թատերախումբերը եւ անոնց գործիչները:
1940-էն 1970-ական տարիներու թատերական շարժումին մասին խօսելով Գնդունի կ՛ըսէ, որ 1940-էն ետք Լիբանանի մէջ ծնունդ առած են յատկապէս դպրոցական կամ շրջանաւարտից միութիւններու հովանիին տակ գործող խումբեր:
Հեղինակը կը յիշէ ՀԿԵՄիութեան «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը, «Լիբանանահայ թատերախումբ»-ը, Հայ աւետարանական քոլեճի շրջանաւարտից միութեան թատերախումբը, «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը (Պուրճ Համուտ), Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, «Թատրոն 67» (բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան), «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան թատերախումբը, «Նոր Թատրոն»-ը (բեմադրիչներ Սիմոն Մնակեան եւ Զօհրապ Եագուպեան), «Գերմանիկ» թատերախումբը, «Պէյրութահայ Քուլիսականներու» թատերախումբը, «Վարդան Աճեմեան»-ի անուան լիբանանահայ ժողովրդական թատերախումբը եւ ՆՍՄՄիութեան «Արտաւազդ» թատերախումբը:
Յիշուած են նաեւ թատերական առանձին դէմքեր եւ ձեռնարկներ:
Նշենք, որ գիրքին շնորհահանդէսը, կազմակերպութեամբ` լիբանանահայ թատերախումբերուն, տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 20 մայիսի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: