Կիրակի, 20 ապրիլին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մատուցուեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան սուրբ եւ անմահ պատարագը` նախագահութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին: Ս. պատարագի ընթացքին վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր պատգամը: Ան խօսքը Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղելով ըսաւ. «Հայրապետական մեր յորդորն է ազգի շահը վեր դասել անձնական ու խմբային նկրտումներէն, պարտադրուող հայրենավնաս քայլերէն: Մերժենք մեր կեանքէն կեղծիքն ու սուտը, ի սպառ հեռու վանենք ազգակործան բարքերն ու արարքները, մեր անցեալը, պատմական յիշողութիւնները նսեմացնող ու արժեզրկող, մեր ապագան վտանգող խօսքերն ու գործերը»:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսի խօսքին մէջ հայրենավնաս քայլերէն, սուտէն, կեղծիքէն, ազգակործան բարքերէն հեռու մնալու յորդորէն բացի` ներքին պառակտումներու նիւթն ալ արծարծուեցաւ. «Անվտանգային մարտահրաւէրներու հետեւանքով ստեղծուած բարդ կացութիւնը առաւել կը ծանրանայ ներքին պառակտումներով ու ճգնաժամային նոր իրավիճակներով: Մտահոգիչ են նաեւ մեր իրականութեան մէջ չդադրող մերժելի գործողութիւններն ու արշաւները` ընդդէմ ազգային եւ քրիստոնէական մեր ինքնութեան ու անցեալի»: