Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապը Վախճանեցաւ 88 Տարեկանին

Ապրիլ 23, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 ապրիլին 88 տարեկանին վախճանեցաւ Ֆրանչիսկոս պապը: Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 266-րդ պապին հրաժեշտի վերջին արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ:

Վատիկանի մամլոյ ծառայութենէն հաղորդեցին, որ Ֆրանչիսկոս պապը մահացած է սրտի կաթուածէն:

Անոր մահուան լուրը հրապարակուելէ ետք Փարիզի Նոթր Տամ եկեղեցւոյ զանգերը 88 անգամ հնչեցին 88 տարեկանին վախճանած պապի հոգիի խաղաղութեան համար:

Փարիզի Էյֆելի աշտարակի լոյսերը նոյն գիշեր մարած մնացին` առ ի յարգանք անոր յիշատակին:

Արժանթին իր քաղաքացի Ֆրանչիսկոս պապի վախճանումին առիթով մէկ շաբաթ տեւողութեամբ սուգ յայտարարեց:

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի ցաւ յայտնեց պապի վախճանման համար եւ յայտնեց. «Անոր մահը մեզի խոր տխրութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ ան մեծ մարդ էր»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց աշխարհի տարածքին քրիստոնեաներուն` նշելով. «Ամբողջ աշխարհի տարածքին քրիստոնեաներուն ցաւակցութիւն կը յայտնենք Ֆրանչիսկոս պապի մահուան համար»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը «ամէնէն տկարներուն ու խոցելիներուն կողքին կանգնող համեստ մարդ մըն էր»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն պապին համաշխարհային ազդեցութիւնը նշեց` յայտնելով. «Ֆրանչիսկոս պապը նոյնիսկ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սահմաններէն դուրս միլիոնաւոր անձեր ներշնչեց իր համեստութեամբ եւ ամէնէն կարիքաւորներուն նկատմամբ սիրով»:

Ազհարի շէյխը ցաւակցեցաւ «մարդկութեան մէջ իր եղբօր» վախճանման առիթով` նշելով, որ ան իր կեանքը նուիրած էր մարդկութեան համար աշխատելուն, տկարներու դատին զօրավիգ կանգնելուն եւ տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան աջակցելուն»:

Ան նշեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը նախանձախնդիր էր Ազհարի եւ իսլամական աշխարհին հետ յարաբերութիւններու սերտացման` այցելելով իսլամական եւ արաբական շարք մը երկիրներ, եւ իր տեսակէտներուն ճամբով, որոնք արդարութիւն ու մարդկութիւն ցոյց տուին, մասնաւորաբար Կազայի վրայ յարձակումին նկատմամբ եւ իսլամոֆոպիայի դիմակայման վերաբերեալ:

Եգիպտոսի Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին գուժեց Ֆրանչիսկոս պապին վախճանումը` զայն նկատելով «քրիստոնէական իսկական համեստութեան օրինակ»:

Սէյիտ Ալի Սիսթանի Վատիկանի քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինին յղած իր նամակին մէջ ցաւ յայտնեց պապի մահուան համար` նշելով. «Ան երկրի բազմաթիւ ժողովուրդներու մօտ հոգեւոր բարձր տեղ կը գրաւէր եւ բոլորին մօտ մեծ յարգանք` իր խաղաղութեան ու հանդուրժողականութեան հարցերու ծառայութեան մէջ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան համար եւ աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ անիրաւուածներուն եւ բռնաճնշուածներուն հետ զօրակցութեան համար»:

 

 

 

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Ազգի Շահը Վե՛ր Դասել Անձնական Ու Խմբակային Նկրտումներէն, Պարտադրուող Հայրենավնաս Քայլերից»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (23 Ապրիլ 2025)

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը,  Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի  Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը, Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»

Մայիս 14, 2025
Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին,  Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին, Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?