Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը Հայրապետական Սուրբ Պատարագով Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ապրիլ 23, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիստոնէութեան հիմք եւ նպատակ հանդիսացող Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնի առաւօտուն, կիրակի, 20 ապրիլ 2025-ին, հաւատացեալներ համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` մասնակցելու հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցման, լսելու Արամ Ա. կաթողիկոսին զատկական պատգամը եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Վեհափառ հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսները եղան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Տաճատ եպս. Աշըգեան: Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Հաւատացեալներու կողքին սուրբ պատարագին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարարը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ պետական, կուսակցական, միութենական ու համայնքային ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի բարերարներն ու բարեկամները:

Արդարեւ, յընթացս սուրբ պատարագին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Երուսաղէմի ու Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքներուն իր եղբայրական ողջոյնը յղելէ ետք, ինչպէս նաեւ` Կիլիկեան Սուրբ աթոռի թեմակալ առաջնորդներուն, Ազգային իշխանութեանց եւ ժողովուրդի զաւակներուն, ըսաւ, թէ «մեր եկեղեցին պարզ, բայց խորունկ բացատրութեամբ կը բնորոշէ Քրիստոսի յարութիւնը` իբրեւ մահուամբ մահուան յաղթող աստուածային միջամտութիւն: Արդարեւ, Աստուած, իբրեւ կեանքի ու ստեղծագործութեան աղբիւր, կեանք տուած էր մարդուն, որպէսզի զայն ապրի ու իրագործէ սրբազան նպատակի մը համար. եւ այդ նպատակը` իբրեւ Աստուծոյ գործակից մասնակցութիւնն է աստուածային թագաւորութեան հաստատման: Այսպէս կը վկայէ Աստուածաշունչը: Սակայն, մարդը հաւատարիմ չէր գտնուած իր աստուածատուր կոչումին եւ իր կեանքը ապականած էր մեղքով ու չար գործերով: Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան նպատակը մարդուն ազատագրումն էր չարի ու մեղքի իշխանութենէն: Մահը հոմանիշ է Աստուծոյ բացակայութեան. այլ խօսքով` մեղքի ու չարի: Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը մարդու փրկութիւնն էր` քանդելով չարի ու մեղքի տիրապետութիւնը: Այս առաքելութիւնը Քրիստոս կատարեց խաչի զօրութեամբ. մահուան դէմ Իր իրագործած յաղթանակով: Քրիստոս աշխարհ եկած էր կեանք տալու մարդուն. Աստուծոյ ներկայութեամբ շաղախուած կեանք: Քրիստոսի յարութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած կեանքին վերականգնումն է. ինչպէս մեր եկեղեցւոյ շարականը կ՛ըսէ` Քրիստոս մահուան մահով յաղթելով յարութիւն, այլ խօսքով` կեանք պարգեւեց մարդուն»:

Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր մենք սոսկ անցեալին մէջ պատահած դէպք մը չենք յիշեր, այլ կեանքի յաղթանակն է, որ կը տօնախմբենք: Կեանքը Աստուծոյ ներկայութիւնն է: Քրիստոս աստուածաստեղծ կեանքէն հեռացած մարդը վերադարձուց կեանքի աղբիւրին` Աստուծոյ: Ներկայ աշխարհը տիրապետուած է այնպիսի երեւոյթներով ու կենցաղակերպերով, որոնք մարդու կեանքը կ՛ապականեն չար գործերով ու մտածումներով, հեռացնելով մարդը կեանքի աղբիւր Աստուծմէ: Ատելութիւն, բռնութիւն, անարդարութիւն թշնամիներ են կեանքին: Աստուածատուր կեանքը սիրոյ ու խաղաղութեան, արդարութեան ու հաշտութեան կեանք է: Քրիստոս ըսաւ` «Ե՛ս եմ կեանքը», եւ իր խաչով ու յարութեամբ մեզի ցոյց տուաւ կեանքի ճշմարիտ ճանապարհը: Քրիստոսի յարութեան դէպքին նշումը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն ո՛չ միայն տօնախմբելու կեանքի յաղթանակը, այլ քալելու դէպի ճշմարիտ կեանք առաջնորդող ճամբէն` քրիստոսակեդրոն ճամբէն»:

Յաւարտ սուրբ պատարագին, հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ վեհարան, ուր ամբողջ ժողովուրդը միասնաբար երգեց «Կիլիկիա» օրհներգն ու Հայրապետական մաղթերգը: Ապա, վեհափառ հայրապետը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները` անգամ մը եւս աւետելով Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Հուսկ, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական ու ազգային ղեկավարներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին զատկական շնորհաւորութիւնները:

Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ Եւ
Տնօրհնէքի Արարողութիւն

Աւագ շաբաթ, 19 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, սկիզբ առաւ զատկական Ճրագալոյցի սուրբ պատարագը կանխող ժամերգութիւնը, որուն աւարտին ընթերցուեցան մարգարէական գիրքերէն հատուածներ, ապա մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Պատարագիչն էր Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան:

Սուրբ պատարագի աւարտին, «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականին երգակցութեամբ, մայր տաճարի լուսարարապետ հայր սուրբը` Օշին վրդ. Չուալերթանեան, սուրբ խորանէն իջեցուց Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին զայն բաշխեց հաւատացեալներուն` աւետելով Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը:

Հուսկ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան միաբան հայրեր, դպրեվանքի աշակերտներ եւ հաւատացեալներ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ Այցելեց Հայ Հոգեւոր Պետերուն

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Ազգի Շահը Վե՛ր Դասել Անձնական Ու Խմբակային Նկրտումներէն, Պարտադրուող Հայրենավնաս Քայլերից»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?