Երկուշաբթի, 12 մայիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ կեդրոն Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հետ:
Այցելութեան նպատակն էր բարի ապաքինում մաղթել պատրիարքին Ս. Զատկուան պատարագի ընթացքին տեղի ունեցած արկածին պատճառով, որուն հետեւանքով ան վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Ֆրանչիսկոս պապի յուղարկաւորութեան եւ նոր պապի ընտրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի առնչուած հարցերուն: