Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Յառաջիկայ օրերուն ամբողջ ուժով (Կազա) մուտք պիտի գործենք Համասի պարտութիւնը ամբողջացնելու համար»:
«Մեր ուժերը պատրաստ են, եւ եթէ Համաս որոշէ 10 գերիներ վերադարձնել, զանոնք պիտի ստանձնենք եւ գործողութիւնը շարունակենք», ըսաւ ան` շեշտելով. «Պիտի չըլլայ կացութիւն մը, ուր պատերազմը պիտի դադրեցնենք, սակայն կրնանք որոշ ժամանակի համար զինադադար հաստատել, ապա մինչեւ վերջ շարունակել»:
«Կազայի մէջ դէպի բացարձակ յաղթանակի արձանագրում պիտի ուղղուինք», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետը:
Անդրադառնալով Կազայի բնակչութեան տեղահանութեան` Նեթանիահու ըսաւ. «Խնդիրը այն է, որ զանոնք ընդունող պետութիւններ չկան, եւ գիտցածս այն է, որ Կազայի բնակչութեան 50 առ հարիւրը դուրս պիտի գայ»:
Մինչ այդ, ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը երէկ հաղորդեց, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ իսրայէլացի բանագնացները «այսօր պիտի ուղղուին» Տոհա` շարունակելու համար Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները: