Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակութեան 40-Ամեակ. Գաղափարի Աննկուն Մարտիկ Սարգիս Ազնաւորեան Ինկաւ Պարտականութեան Ճամբուն Վրայ

Ապրիլ 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատաւոր եւ անսակարկ նուիրեալ, Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սարգիս Ազնաւորեան երեքշաբթի, 23 ապրիլ 1985-ի առաւօտուն զոհ գնաց ոճրային վատոգի արարքի մը:

Այս ահաւոր դէպքը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտի մայր ճամբան Սին Էլ Ֆիլի մայրուղիին կապող անկիւնադարձին մօտ:

Անծանօթ զինեալներ կրակ բացին Ազնաւորեանի ինքնաշարժին վրայ, ապա խոյս տուին` կորսնցնելով իրենց հետքը: Ազնաւորեան զոհ գնաց քանի մը փամփուշտ ստանալով:

Ոճրային արարքին անծանօթ հեղինակները ի յայտ բերելու նպատակով անմիջապէս կապ հաստատուեցաւ պետական ու պատկան սպասարկութեանց հետ, որոնք ձեռնարկեցին հետապնդումներու:

Կապ հաստատուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի հետ` զայն տեղեակ պահելու համար ոճրային արարքին:

Վատ արարքը ընդվզումի եւ դատապարտումի ենթարկուեցաւ քաղաքական ու համայնքային պատասխանատու անձնաւորութեանց կողմէ:

* * *

Սարգիս Ազնաւորեան ծնած էր 1924-ին, Պէյրութ: Յաճախած եւ աւարտած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միանալով, տասնամեակներ շարունակ գործեց լուռ ու բոլորանուէր ծառայութեամբ: Եղաւ նաեւ ՀՄԸՄական ու մաս կազմեց ֆութպոլի ներկայացուցչական ակումբին:

1950-ական թուականներէն սկսեալ ու մինչեւ իր անժամանակ մահը, բազմիցս պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնեց:

Համեստ էր եւ անբասիր ծառայող` իր կազմակերպութեան ու անոր ճամբով`

իր ժողովուրդին: Միշտ խուսափած էր շատախօսութենէ, սակայն ոչինչ խնայած` աշխատանքի ճամբուն մէջ: Պարկեշտ էր, ուղղամիտ, անբիծ եւ խստապահանջ:

Խստապահանջ էր մանաւանդ ինքնիրեն հանդէպ. երբ պարտականութիւնը զինք գործի հրաւիրէր, ամենայն բծախնդրութեամբ կ՛ընդառաջէր այդ կոչին` մոռնալով իր անձնական կեանքն ու ընտանիքը:

Ան ամուսնացած էր 1950-ին եւ հայր էր հինգ զաւակներու:

Պատասխանատու իր պարտականութիւնները պատճառ չէին, որ տագնապալի օրերուն, ի հարկին գիշեր-ցերեկ պահակութիւն ընէր ընկերներուն հետ, ի խնդիր հայկական թաղերու ապահովութեան:

Պարտաճանաչ էր նաեւ իր անձնական գործի ասպարէզին մէջ: Ան պաշտօնեայ էր հեռաձայնի սպասարկութեան մէջ: Խղճամիտ եւ պարտաճանաչ պաշտօնեայի տիպարն էր ան. ապահովութեան ամէնէն տարապայման վիճակն իսկ չէր կրնար պատճառ ըլլալ, որ ան բացակայէր իր աշխատանքէն, ու այդ ճամբուն վրայ ալ ինկաւ ան, միշտ մնալով պատնէշի վրայ:

* * *

Սարգիս Ազնաւորեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 ապրիլ 1985-ին:

Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերու շուկաները փակած էին իրենց դռները` ի նշան սուգի եւ վատոգի արարքին դէմ ընդվզումի արտայայտութեան: Հայկական վարժարանները դիմած էին դասադուլի:

Եռագոյնով ծածկուած դագաղը Նորաշէն թաղէն, ժամը 12:30-ին ուսամբարձ ճամբայ ելաւ դէպի Նոր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին` անցնելով Պուրճ Համուտի թաղերէն:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական արարողութեան ներկայ եղան հայ համայնքապետերը, հայ երեսփոխաններ, կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Դամբանական արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Արամ եպիսկոպոս. ան նշեց, որ Սարգիս Ազնաւորեան իբրեւ նահատակ ինկաւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ճամբուն վրայ եւ աւելցաւ մեր հին ու նոր բիւրաւոր նահատակներու փաղանգին վրայ:

Դագաղը ուսամբարձ ճամբայ հանուեցաւ դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով դամբանականներ արտասանեցին Գրիգոր Նգրուրեան եւ Սարգիս Կիրակոսեան:

Սարգիս Ազնաւորեանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով: Նոյն պահուն արձակուեցան 21 կրակոցներ` ի պատիւ պարտականութեան ճամբուն վրայ նահատակ ինկած Սարգիս Ազնաւորեանի:

 

Նախորդը

Դպրեվանքեան Ոգին. Յարգանքի Աներեւոյթ Շապիկը

Յաջորդը

Զօրակցական Երթ Պուրճ Համուտի Մէջ

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?