Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքեան Ոգին. Յարգանքի Աներեւոյթ Շապիկը

Ապրիլ 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Յարգանքը մարդկային արժանապատիւ կեանքի սկզբունքը կը նկատուի: Առանց յարգանքի` կարելի չէ ունենալ քաղաքակիրթ ընկերութիւն մը: Յարգանքը անհրաժեշտ է ամէն տեղ` անկախ ամէն տեսակի ցեղային, կրօնական, սեռային կամ պատկանելիութեան տարբերութիւններէ: Ոեւէ անձի հանդէպ տածուած յարգանքը յարգանք է նոյնինքն տածողին անձին նկատմամբ: Այլ խօսքով, երբ ուրիշ մը կը յարգես, դուն քու անձդ յարգած կ՛ըլլաս:

Անշուշտ այստեղ ընկերային արժէքներու գիտութեան կամ անոնց առնչուող փիլիսոփայութեան վերլուծումը չէ, որ պիտի կատարեմ. սոյն գրութիւնը փորձ մըն է նկարագրելու, թէ յարգանքը դպրեվանքէն ներս ինչպէ՛ս կ՛ըմբռնուի, անոր հանդէպ նախանձախնդրութիւնը ինչպէ՞ս կը ջամբուի եւ յարգալիր վարուելակերպը ինչպէ՛ս կը գործադրուի վանական կեանքին մէջ:

Դպրեվանքէն ներս յարգանքի առաջին  տարրական դասը զիրար բարեւելն է, յատկապէս` մեծերը: Դպրեվանեցին իւրաքանչիւր հոգեւորականի կը դիմէ անոր կարգին համապատասխան ողջոյնով` միշտ մօտենալով եւ անոր օրհնութիւնը խնդրելով. իսկ աշխարհական մարդիկը ան կ՛ողջունէ նոյնպէս ամենայն քաղաքավարութեամբ: Դպրեվանեցիները ոչ միայն պարզապէս պէտք է բարեւեն դիմացինը, այլ ոտքի ելլեն, երբ հոգեւորական մը, ուսուցիչ մը, կամ ոեւէ այլ անձ  անցնի իրենց քովէն: Ոտքի ելլելէ ետք դպրեվանեցին չի նստիր, մինչեւ որ հոգեւորականը կամ ուսուցիչը անցնի, եւ կամ արտօնէ իրեն նստիլ: Առաւել, երբ դպրեվանեցին կը խօսի իրմէ մեծին հետ,  պէտք է յոգնակի ձեւով դիմէ անոր: Աւելի՛ն. երբ տուեալ յարգելի անձը որեւէ պայուսակ կամ տոպրակ շալկած ըլլայ, դպրեվանեցին անմիջապէս կը մօտենայ անոր`  օգտակար դառնալու նպատակով:

Դպրեվանեցիին համար յարգանքը միայն բարեւելուն եւ օգտակար դառնալուն մէջ չի կայանար: Յարգանքը նաեւ իրեն ըսուածը լսելու եւ զայն կատարելուն մէջ է նաեւ: Այս սկզբունքով դպրեվանեցին կը դադրի ամէն բան ընելէ, երբ իրմէ մեծը իրեն կը դիմէ որեւէ նիւթով: Օրինակ,  երբ սեղանատան մէջ ճաշի պահուն տեսչական անդամներէն մէկը խօսք կ՛առնէ, բոլոր դպրեվանեցիները կը դադրեցնեն իրենց ուտելն ու խօսակցութիւնը եւ ականջ կու տան անոր խօսքերուն: Նկատողութեան կամ յանդիմանութեան ժամանակ դպրեվանեցին չ՛առարկեր կամ չի հակադարձեր, այլ լուռ կերպով մտիկ կ՛ընէ մեծաւորին խօսքերը:

Յարգանքի այս նրբութիւնները նկարագրելն ու զանոնք պարզելը աւելորդ պիտի ըլլար, եթէ այսօր յարգանքն ու անոր արտայայտութիւնները նուազած չըլլային մեր ընկերային կեանքէն ներս, յատկապէս` երիտասարդական շրջանակներու մէջ: Ցաւալիօրէն պատշաճ ու յարգալիր մօտեցում կարելի չէ տեսնել ամէն տեղ. բան մը, որ տարրականօրէն անհրաժեշտ է, մանաւանդ` քաղաքակիրթ հայու մը համար: Համաշխարհայնացումի հոսանքը կ՛այլափոխէ մեր նկարագիրն ու կենցաղային մշակոյթը, եւ այս երեւոյթին զոհը կը դառնան մեր ներկայ եւ գալիք սերունդները: Բայց այս պարագային, ապագայի հոգեւոր եւ ազգային ղեկավար դառնալու պատրաստուող դպրեվանեցիին համար արտօնելի չէ նոյն հոսանքին զոհը դառնալ, որովհետեւ ան կոչուած է  տիպար օրինակ ծառայելու  իր շրջապատին: Դպրեվանեան միջավայրն ու հաւաքական կեանքը կը ստեղծեն այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր իւրաքանչիւր դպրեվանեցի կը սորվի հետեւիլ յարգանքի անգիր օրէնքներուն: Նոյնիսկ նորեկ դպրեվանեցին անպատճառ կ՛ունենայ զինք խրատող մը, սխալին անդրադարձնող մը, որպէսզի ան կարենայ կազմաւորուիլ յարգանքի եւ ազնուութեան սկզբունքներով:

Ահաւասիկ` երեւոյթ մը, որ այսօր բծախնդրօրէն կը պահպանուի դպրեվանքէն ներս: Յարգանքի այս ոգին դպրեվանեցիին կոկիկութեան եւ քաղաքավարութեան աներեւոյթ  շապիկն է , որ  զինք կը զատորոշէ բոլոր շրջանակներուն մէջ: Ի վերջոյ յարգանքը մարդկային արժէքներու այն զէնքն է, որուն ճամբով դպրեվանեցին պիտի կարենայ հասնիլ ժողովուրդին եւ իր մատակարարած խօսքն ու ուսուցումը ընդունելի դարձնէ մարդոց սրտերուն : Ահա այս արժանիքն ալ կու գայ աւելնալու դպրեվանեան յատկանիշներու շղթային` զայն դարձնելով ամուր եւ անկոտրում:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով. Դեսպան Աթաբէկեանին Հետ Հանդիպում-Զրոյց

Յաջորդը

Նահատակութեան 40-Ամեակ. Գաղափարի Աննկուն Մարտիկ Սարգիս Ազնաւորեան Ինկաւ Պարտականութեան Ճամբուն Վրայ

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?