Երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները` Արարատ Միրզոյեան եւ Ժան Նոել Պարրօ:
Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է շրջանին մէջ անվտանգային իրավիճակը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը` ընդգծելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի ստորագրման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատած է այդ ուղղութեամբ Ֆրանսայի եւ ի մասնաւորի նախարար Պարրոյի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը: