Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կեդրոն

April 16, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 11 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կեդրոն: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, անոր մաս կը կազմէին կոմիտէի փոխնախագահներ` Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Վրէժ Շառոյեան, կոմիտէի Գործադիր կոմիտէի անդամներ` Շահան Սէմէրճեան, Միսաք Նաճարեան եւ կոմիտէի լրատուական ծառայութեան ղեկավար Լիլիթ Կասեան: Հիւրերը ընդունեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ դիւանի անդամներ` Վիգէն Աւագեան ու Թալին Օրտողլեան:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին, սիրալիր մթնոլորտի մէջ, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ քննեց հայ մարզական կեանքի ներկայ իրավիճակը ընդհանրապէս եւ Համահայկական խաղերու զարգացումը` յատկապէս: Կատարուեցաւ միտքերու փոխանակում եւ առաջարկներու ներկայացում:

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անգամ մը եւս շեշտելու Համահայկական խաղերու կարեւորութիւնը` իբրեւ համայն հայութեան երիտասարդութիւնը համախմբող նախաձեռնութիւն:

Համահայկական խաղերը սկսած են 1999-ին եւ ՀՄԸՄ-ը` իբրեւ խաղերու հիմնադիր միութիւններէն մէկը, առաջին օրէն մասնակից է այս նախաձեռնութեան եւ իր ներկայացուցիչները ունի Համահայկական խ աղերու Համաշխարհային կոմիտէին եւ Գործադիր կոմիտէին կազմերուն մէջ: Անցնող 26 տարիներուն քաղաքներու պատուիրակութիւններու ճամբով ՀՄԸՄ իր մնայուն մասնակցութիւնը բերած է համահայկական ամառնային 8 եւ ձմեռնային 2 խաղերուն:

Նախորդը

«Շնորհալի» Երգչախումբը Սայաթ Նովան Քառաձայն Երգեցողութեամբ Հրամցուց Մշակութասէր Հանրութեան

Յաջորդը

«Մեր Զաւակները Մեզի Նայելով` Բարեպաշտութիւն Եւ Աստուածավախութիւն Պիտի Սորվին» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

RelatedPosts

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը  Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»
Գաղութային

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

January 23, 2026
ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս
Գաղութային

ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս

January 23, 2026
Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին.  Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար
Գաղութային

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.