Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շնորհալի» Երգչախումբը Սայաթ Նովան Քառաձայն Երգեցողութեամբ Հրամցուց Մշակութասէր Հանրութեան

Ապրիլ 16, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը չորեքշաբթի, 26 մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Սայաթ Նովայի ժառանգութիւնը ներկայացուց քառաձայն երգեցողութեամբ, սակայն` ոչ միայն… Այս ներկայացումը սոսկ երաժշտական երեկոյ մը չեղաւ` մշակութասէր հանրութեան ճաշակը յագեցնող, այլ` հանդիսատեսը հայկական եթերային աշխարհ մը տանող փորձառութիւն մը: Հայկական աւանդական մոթիֆներով յարդարուած բեմը միակ շարժառիթը չհանդիսացաւ այս ճանապարհորդութեան, այլեւ ելոյթի ընթացքին երգերու ընդմիջումներուն հանդիսատեսին հրամցուած տեղեկութիւնները Սայաթ Նովայի կեանքին ու տուեալ երգին` առաւել եւս պարուրեցին մեզ սիրոյ աշուղին ներկայութեամբ:

Հանդիսատեսները շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ վայելեցին «Քանի վուր ջան իմ», «Շատ մարդ կ՛ոսէ», «Աշխարհումըս ա՛խ չիմ քաշի» (Վարդգէս Ղազարեանի մեներգութեամբ), «Արի ինձ անգաճ կալ», «Յիս մէ ղարիբ բուլբուլի պէս» (Կարօ Քէլէշեանի մեներգութեամբ), «Մէջլումի պէս», «Թամամ աշխարհ» (Յովիկ Թաֆրանեանի մեներգութեամբ), «Փահրադըն միռած», «Բրոյի-բրոյի», «Բլբուլի հիտ» (Հայկանա Մուրատեանի մեներգութեամբ), «Իս քու ղիսմէթըն չիմ գիտի», «Ի՞նչ կ՛օնիմ» (Հ. Մուրատեանի եւ Կ. Քէլէշեանի մեներգութեամբ), «Պատկիրքըդ ղալամով քաշած» (Աւետիս Մկրտիչեանի մեներգութեամբ), «Դուն էն հուրին իս» եւ «Ամէն սազի» երգերը: Աշուղական այս երգերուն քառաձայն մշակումները Արփի Ջանիկեանին կը պատկանին, բացի «Բրոյի-բրոյի»-էն, որ Կարօ Զաքարեանին է, եւ` «Ամէն սազի»-էն, որ Հենրիկ Անասեանին կը պատկանի:

Երգչախումբին կենդանի նուագակցութիւնը կատարեցին` Համբիկ Մարտիրոսեան (դաշնամուր), Քեւըն Սոլաքեան (երգեհոն), Րաֆֆի Չիլինկիրեան (տուտուկ), Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ): Ելոյթի հաղորդավարութիւնը կատարեցին Հրակ Մամիկոնեանն ու Մերի Էքմէքճեանը:

Այս հիանալի երեկոն հովանաւորութիւնը կը վայելէր Արամ Ա. կաթողիկոսին: Երգչախումբին խմբավարն էր  Զաւէն վրդ. Նաճարեան:

Սայաթ Նովային նուիրուած երեկոն իր աւարտին հասաւ բուռն ծափահարութիւններով եւ վեհափառ հայրապետին եզրափակիչ օրհնութեան խօսքով: Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց ելոյթըն ու անոր կազմակերպիչները եւ զայն բնութագրեցին որպէս գօտեպնդիչ ու վարակիչ: Ան իր փափաքը յայտնեց, որ նման երեկոյթները վարակիչ դառնան Լիբանանի հայութեան եւ ընդհանրապէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս: Խօսելով մեր ժողովուրդի կեանքի մեծութիւններուն մասին` նորին սրբութիւնը ըսաւ, որ մենք պարտինք գիտնալ մեր մեծութիւնները յարգել, սիրել ու մեծարել: Անոնց մեծութեամբ մեծնալ, հզօրանալ, կենսաւորուիլ ու կենսաւորել: Ուստի, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Սայաթ Նովայի մեծութեան եւ աշուղը որակեց նաեւ մարդասէր եւ աստուածաբան, որուն համար սէր հասկացողութիւնը աստուածային սիրոյ ներկայութիւնն էր: Նորին սրբութիւնը ընդգծեց Սայաթ Նովայի արժէքը ներկայ կեանքին մէջ` դիտել տալով, որ այս համերգը յիշեցում մըն է, որ մենք կարիքը ունինք մեծութիւններու` մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Ապա հայրապետը  դառնալով երգչախումբի անդամներուն` բարձր գնահատեց ու քաջալերեց անոնց տաղանդը եւ յատկապէս առանձնացուց հայր Զաւէնին ջանքերը` նշելով, որ ան  այս բոլորին մղիչ ուժն է` իր շուրջ ունենալով խումբ մը կամաւոր ու պատրաստակամ երիտասարդներ:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս Առողջապահական Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կեդրոն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025
Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները  Դարու Վկաներն Են»
Գաղութային

Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները Դարու Վկաներն Են»

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?