Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի գծով երկու մրցումներ տեղի ունեցան: Տիթրոյիթի մէջ տեղւոյն Փիսթընզ 117-127 արդիւնքով տեղի տուաւ Սաքրամենթօ Քինկզի դիմաց:
Սաքրամենթօ Արեւմտեան շրջանի 9-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ մնացեալ 3 մրցումներուն յաղթելով նոյնիսկ անոր դիրքը չի բարելաւուիր, սակայն անոր դիրքը պարզապէս փլէյ-ինի զտումին (10-րդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ) յոյս կրնայ պահել 7-րդ եւ 8-րդ դիրքերը գրաւող խումբերու մրցումին պարտուողին դէմ յաղթելով հասնելու փլէյ օֆ:
Սաքրամենթոյէն 2 մարզիկներ միասնաբար 80 կէտ նշանակեցին, ուր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Զաք Լըվին (43 կէտ), մինչ Տըմար Տրոզըն 37 կէտ աւելցուց: Սենթըր Տոմանթաս Սապոնիս 19 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ իրագործելով թրիփըլ տապըլ մը արձանագրեց:
Հակառակ յաղթանակին, Սաքրամենթօ մինչեւ 3-րդ մասի աւարտ չէր կրցած հասնիլ Տիթրոյիթին: Լըվինի 3 կէտնոց կողովը արդիւնքը 97-94-ի բարձրացուց, եւ վերջապէս Սաքրամենթօ յառաջ անցաւ:
Տիթրոյիթ, որ 18 կէտի առաւելութիւն ունէր, 6-րդ «ապահով» դիրքը կը գրաւէ Արեւելեան շրջանին մէջ: Քէյտ Քանինկհամ 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տիթրոյիթի:
Օրուան երկրորդ մրցումին, Մայեմի Հիթ 117-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլատեֆիա 76-ըրզը:
Մայեմի 10-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի եւ պիտի փորձէ իր մնացեալ 3 մրցումներն ալ յաղթել աւելի լաւ դիրք գրաւելու փլէյ-ին զտումի հանգրուանին համար:
Ֆիլատելֆիա արդէն իսկ դուրս մնացած է փլէյ օֆէն եւ պարզապէս 3 մրցումներ պիտի կատարէ, որ իր 13-րդ դիրքը այդքան ալ չի բարեփոխեր:
Մայեմիէն 6 մարզիկներ 11-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Տանքըն Ռոպինսըն (21 կէտ), Թայլըր Հերրօ (20 կէտ), Քելել Ուեր (19 կէտ եւ 17 ռիպաունտ), Փել Լարսըն (12 կէտ), Տեւիըն Միչել (12 կէտ) եւ Ալեք Պըրքս (11 կէտ) եղան Մայեմիի լաւագոյնները:
Ֆիլատելֆիայէն լաւագոյն զոյգն էին Քուենթըն Կրայմզ (29 կէտ) եւ Լոնի Ուոքըր (29 կէտ): Նշենք, որ Փոլ Ճորճ, Ժոել Էմպիիտ, Թայրիս Մեքսի եւ Էրիք Կորտըն վիրաւոր են, իսկ Անտրէ Տրամընտ` հիւանդ: