Լոնտոնի Չելսի ակումբը խախտած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նիւթական կայունութեան կանոնները` գերազանցելով սահմանուած վնասներու թոյլատրելի սահմանը:
Եւրոպական ֆութպոլի ղեկավար մարմինը նկատի չառաւ Չելսիի կողմէ իբրեւ եկամուտ յայտարարուած որոշ գործեր, ինչպէս` աղջկանց խումբի (200 միլիոն սթերլինկ փաունտ) եւ պանդոկներու (76,5 միլիոն սթերլինկ փաունտ) վաճառքները, քանի որ անոնք «քոյր ընկերութիւններու» տրուած են:
Այժմ Չելսի կը բանակցի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հետ կարգաւորման համաձայնագիրի շուրջ, որ ըստ տեղեկութիւններու, կը ներառէ նիւթական կորուստ եւ ծախսերու վերահսկման սահմանափակումներ յառաջիկայ երեք տարեշրջաններուն համար: Հաւանական է նաեւ, որ խախտումներու կրկնութեան պարագային ակումբը ժամանակաւոր ձեւով կախակայուի եւրոպական մրցաշարքերէն:
Նկատի առնելով, որ Չելսին «Փրեմիեր լիկ»-ի նիւթական կանոնները կրցած է «շտկել», կարգ մը փորձագէտներ կասկածի տակ դրած են աղջկանց խումբի յայտարարած «շուկայական արժէքը»: Մասնաւորապէս կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու Էնճըլ Սիթի ակումբը, որուն տարեկան եկամուտը կը կազմէ շուրջ 24 միլիոն սթերլինկ փաունտ, վաճառած է 194 միլիոն փաունտի, մինչ Չելսիի աղջկանց խումբի եկամուտը նախորդ տարեշրջանին կազմած է ընդամէնը 11,5 միլիոն փաունտ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր վերջնական որոշումը կը հրապարակէ 2025-ի մայիսի կէսերուն: