Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Դժուար Մրցումէ Մը Ետք ՀՄԸՄ Յաղթեց Թատամոն Հարաժելին` 83-82 Արդիւնքով

April 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը Մըզհերի մէջ բաւական դժուար մրցումէ մը ետք մէկ կէտով կրցաւ յաղթել Թատամոն Հարաժելին եւ ժամանակաւոր ձեւով գրաւել 5-րդ դիրքը:

Թատամոն Հարաժել 11-րդ դիրքը կը գրաւէ, բայց բաւական լաւ խումբ մըն է, որ վեթերան մարզիչ Ղասսան Սարգիսի գլխաւորութեամբ կը պայքարի մինչեւ մրցումի աւարտը:

Այս մրցումին ՀՄԸՄ ներկայացաւ վերջին վայրկեանին իր թուղթերը հասած Թայլըր Պէյով, որ փոխարինած էր Տի. Ճէյ. Քենետին:

Քենետի 6 մրցում կատարած էր ՀՄԸՄ-ի շապիկով եւ միջին հաշուով 13,5 կէտ կը նշանակէր ամէն մրցումի, 9 ռիպաունտի կողքին:

Թայլըր այս մրցումին 26 վայրկեան խաղցաւ` նշանակելով 3 կէտ եւ ձեռք ձգելով 10 ռիպաունտ, բայց առաջին մասին 3 ֆաուլեր կատարելէ ետք մարզիչը աւելի զգուշ էր զինք դաշտ ներկայացնելու, մանաւանդ որ ան մրցումներու մթնոլորտին մէջ մտած չէ տակաւին:

Օրուան հերոսն էր Կերի Չիւիչեան, որ մրցումի վերջին վայրկեանին 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով կրցաւ յաղթանակին մէջ մեծ դեր ունենալ: Շատ կարեւոր էր մանաւանդ 7 երկվայրկեան մնացած իր 3 կէտնոց կողովը, որուն շնորհիւ 80-82 արդիւնքով ետ մնացած ՀՄԸՄ խլեց յաղթանակը: Ճորտըն Սթիվընզ 24 կէտ, 11 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Եոաթ Ալոք 20 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 2 պլոք կատարեց:

Յոյսով ենք, որ Կապրիէլ Աճէմեան աւելի հանդարտ եւ կեդրոնացած մրցում խաղայ 10 օր ետք, երբ կը շարունակուի ախոյեանութիւնը` դարձի մրցումներով:

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըրի Տերպին Վերջ Գտաւ Առանց Կոլերու

Յաջորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Իրաքեան Զինեալ Խմբաւորումներ Պատրաստ Են Զինաթափուելու

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.