Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ Այն Թինէի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին յստակօրէն յայտնած է, թէ անցեալ այցելութեան ընթացքին անոր արտայայտած դիրքորոշումները քաջալերական չէին, եւ անկէ կ՛ակնկալուի, որ Պէյրութ երկրորդ այցելութեան ընթացքին այլ ուղղութեամբ ընթանայ:
Պըրրի Օրթէյկըսին յայտնած է. «Մեր հարաւային սահմանները արդէն իսկ սահմանագծուած են»` նշելով, որ անոր այցելութեան նախօրեակին սարսափի մթնոլորտ ստեղծուած է, սակայն «այն, ինչ որ անկէ լսեցինք, տարբեր էր այն պնդումներէն, թէ կու գայ ծանր հետեւանքներով սպառնալու»:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ ոմանց կողմէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ ակնարկներուն` խորհրդարանի նախագահը ըսաւ, որ ինք ամերիկացի պատուիրակէն այդպիսի կոչ մը չլսեց, «եւ նոյնիսկ բռնագրաւող գոյացութեան պաշտօնատարները այդ հարցը չարծարծեցին, ուստի ինչո՞ւ մեզմէ ոմանք նուիրատուութիւն կը կատարեն եւ կը շտապեցնեն յարաբերութիւններու բնականոնացում մը, որ մերժելի եւ բացառուած է»:
Մեկնաբանելով Օրթէյկըսի իր վիզին կրած Դաւիթի աստղի շուրջ խօսակցութիւնները` Պըրրի բացատրեց, որ «անիկա նշանն է հրէական կրօնին, որ միաստուածեան կրօն է, եւ կապ չունի սիոնականութեան հետ, որուն դէմ կը պայքարինք»: