Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Աուն Պըրրիի հետ քննարկած է երկրի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ զարգացումները:
Նախագահական պալատը նաեւ աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը քննարկած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութեան արդիւնքները: