Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Համացանցին վրայ մեծ թիւով տեղեկութիւններ հսկայ խառնարան մը կը ստեղծեն` իրական լուրեր, սխալ լուրեր, «կէս-կէս» լուրեր… Հետեւաբար արդեօ՞ք պէտք է հաւատալ համացանցին եւ ընկերային ցանցերուն վրայ մեր բոլոր տեսածներուն, լսածներուն եւ կարդացածներուն:

* * *

Համացանցը սքանչելի գործիք մըն է, որ մեզի կարելիութիւնը կու տայ դիւրութեամբ հասնելու բազմաթիւ եւ տեսակաւոր տեղեկութիւններու: Համացանցին վրայ կարելի է զբաղիլ, տեղեկութիւններ քաղել կամ բարեկամներու հետ կապուիլ: Ամէն մարդ կրնայ կայքէջ մը ստեղծել եւ սփռել յօդուածներ, նկարներ, վիտէոներ… սակայն` առանց միշտ ստուգելու անոնց ճշգրտութիւնը:

Ուրեմն ասիկա կը նշանակէ, թէ կարելի է համացանցին վրայ կարդալ տեղեկութիւններ, որոնք սխալ են: Ամէն ինչ կախեալ է այն անձերէն, որոնք այդ լուրերը կը դնեն իրենց կայքէջերուն մէջ, եւ յատկապէս` ի՛նչ նպատակով: Օրինակի համար, այժմէական լուրերու կայքէջերուն յօդուածները կը սփռեն տեղեկութիւններ, որոնք ստուգուած են լրագրողներու կողմէ: Այս պարագային մէջ կը գտնուին նաեւ պետական կայքէջերը, որոնք պաշտօնական տուեալներ կը բովանդակեն` ընտրութեան մը թուականները դպրոցի արձակուրդներու թուականներ…

Մինչ վաճառանիշներու կամ «ինֆլուէնսըրներու» (յայտնի անձնաւորութիւններ) պարագային, մենք կը գտնուինք ցուցափեղկի մը առջեւ: Անոնք կը ներկայացնեն հագուստներ կամ ուրիշ առարկաներ` շատ գեղեցիկ լուսարձակի մը տակ դրուած, մեր մօտ զանոնք գնելու փափաքը արթնցնելու համար:

Ուրիշ կայքէջեր, ինչպէս` հաստատութիւններու կամ կազմակերպութիւններու, կ՛արտայայտեն իրենց գաղափարը` մարդիկը համոզելու համար իրենց պաշտպանած պայքարին միանալու: Հետեւաբար ամէնէն լաւը չհաւատալն է մեր բոլոր կարդացածներուն եւ գործածել մեր քննադատական մտածողութիւնը:

Այս պարագային, ամէնէն լաւ քայլը ինքզինքին հարց տալն է, թէ ո՞վ է մեզի հետ խօսողը` ստուգելու համար, թէ ուրկէ՛ կու գայ տեղեկութիւնը: Եւ երբ կասկածի մէջ գտնուինք, կարելի է առնել չափահասի մը կարծիքը եւ անոր ուղղել մեր հարցումները:

Հարցարան

 Ընդհանուր Գիտելիքներ

1) Ո՞ր թուականին Ֆերտինանտ Մաժելլան վերջապէս կրցաւ յաջողութեամբ աւարտել աշխարհի շուրջ իր առաջին ճամբորդութիւնը:
ա – 1492, բ – 1520, գ – 1588, դ – 1620

2) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրը:
ա – Քաթար, բ – Ռուսիա, գ – Միացեալ Նահանգներ, դ – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

3) Ո՞րն է աշխարհի սպաներէն խօսող ամէնէն մեծ քաղաքը:
ա – Պարսելոնա, բ – Մատրիտ, գ – Պուէնոս Այրես, դ – Մեքսիքօ Սիթի

4) Ո՞ր երկիրը ամէնէն մեծ թիւով կղզիներ ունի:
ա – Ճափոն, բ – Շուէտ, գ – Ինտոնեզիա, դ – Կրինլենտ

5) Քանի՞ աստղեր գոյութիւն ունին Չինաստանի դրօշակին վրայ:
ա 5, բ – 6, գ – 8, դ- 10

6) Քանի՞ գոյն ունի Հարաւային Ափրիկէի դրօշակը:
ա – 3, բ – 4, գ – 6, դ – 8

7) Ի՞նչ կը կոչուէր աշխարհի առաջին արհեստական արբանեակը:
ա – Քոլոմպիա 1, բ – Ափոլլօ 1, գ – Էքսփլորըր 1, դ – Սփութնիք 1

8) Ո՞ր հին չինական կայսրութիւնը յաճախ համարուած է իբրեւ չինական քաղաքակրթութեան «ոսկեդարը»:
ա Մինկ, բ – Չին, գ – Հան, դ – Զու

9) Ո՞ր տասնամեակին համացանցը ստեղծուեցաւ:
ա – 50-ական, բ – 60-ական, գ – 70-ական, դ – 80-ական

10) Ո՞ր դաշնագիրը վերջ դրաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին:
ա – Սեւրի դաշնագիրը, բ – Վերսայի դաշնագիրը, գ – Եալթայի դաշնագիրը, դ – Լոզանի դաշնագիրը:

11) Ո՞ր լեռնաշղթան կը բաժնէ Եւրոպան Ասիայէն:
ա – Ալպեան լեռնաշղթան, բ – Հիմալայեան լեռնաշղթան, գ – Անտեան լեռնաշղթան, դ – Ուրալ լեռնաշղթան

12) Ո՞վ յայտնաբերեց, որ երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ:
ա – Նիքոլաս Կոպեռնիկոս, բ – Իսահակ Նիւթըն, գ – Կալիլէօ Կալիլէի, դ – Փթոլեմէ

Պատասխանները` վերջաւորութեան

Ձեռային Աշխատանք

 Գարնանային Ծաղկեպսակ

  Արդէն գարուն է, եւ ծաղիկները կը լեցնեն դաշտերը: Գարնան մթնոլորտը տունէն ներս բերելու համար կրնաս պատրաստել այս թուղթէ ծաղկեպսակները, տունը զարդարելու եւ Զատկուան պատրաստուելու համար:

* * *

Այս աշխատանքին համար պէտք ունիս պարզապէս գունաւոր թուղթերու, խէժի եւ մկրատի:

* * *

1 – Կանաչ թուղթի մը վրայ գծէ եւ կտրէ մեծ շրջանակը` իր տարբեր բաժանմունքներով:

2 – Գունաւոր թուղթերու վրայ գծէ եւ կտրէ ծաղիկներու օրինակները:

3 – Մեծ կանաչ կլորակին տարբեր եռանկիւն բաժինները դէպի դուրս ծալէ, եւ ապա դուրս մնացած փոքրիկ բաժինները դէպի ետեւ ծալէ եւ փակցուր` փոքրիկ կոր բացութիւն մը ձգելով:

4 – Իւրաքանչիւր ծաղիկի վերջին թերթերը իրարու վրայ փակցուր:

5 – Պզտիկ երիզները ոլորէ եւ ծայրերը փակցուր` անոնց օղակի ձեւ մը տալով:

6 – Պզտիկ օղակները փակցուր ծաղիկներուն կեդրոնը:

7 – Ծաղիկներդ փակցուր ծաղկեպսակին շուրջ տափակ բաժիններուն վրայ:

8 – Ծաղկեպսակին ետեւը թել մը անցուր եւ զայն կախէ դրան կամ պատին վրայ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ծաղիկներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած բոլոր առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն տեղը տախտակին մէջ:

 

Հարցարանի Պատասխանները

1 – բ, 2 – ա, 3 – դ, 4 – բ, 5 – ա, 6 – գ, 7 – դ, 8 – գ, 9 – բ, 10 – բ, 11 – դ, 12 – ա:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Ապրիլ 2025)

Յաջորդը

Հայ Ժողովրդական-Աշուղական Երգերու Բարձրորակ Համերգ` Կատարողութեամբ Վարդան Բադալեանի, Արփիի Եւ Ալիա Սեդրաքեանի

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?