Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

23 ապրիլ 2005-ին առաջին վիտէոն կը սփռուէր ԵուԹուպի էջին վրայ, եւ այս վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին այդ էջը տեսակաւոր փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ:

* * *

Ճիշդ քսան տարիներ առաջ ԵուԹուպ կը սփռէ իր առաջին վիտէոն: Այդ կարճ վիտէոյին մէջ կարելի է տեսնել ԵուԹուպի հիմնադիրներէն Ժաուետ Քարիմը` Միացեալ Նահանգներու Սան Տիեկոյի կենդանաբանական պարտէզին մէջ փիղերուն առջեւ: Այս վիտէոն կը տեւէ միայն 19 երկվայրկեան, եւ անոր վերնագիրն է «Մի էթ տը զու» (ես կենդանաբանական պարտէզին մէջ): Այժմ այդ վիտէոն դիտուած է աւելի քան 355 միլիոն անգամ:

* * *

ԵուԹուպ ստեղծուեցաւ 2005 թուականին` Ժաուետ Քարիմի, Չատ Տըրլիի եւ Սթիվ Չենի կողմէ: Անոնց նպատակն էր պարզացնել վիտէոներու սփռումը համացանցին վրայ: Շատ շուտ ԵուԹուպ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ:

Նոյեմբեր 2006-ին Կուկըլ ԵուԹուպը կը գնէ 1,65 միլիառ տոլարի: Այդ շրջանին այս վաճառքը Կուկըլի ամէնէն մեծ ներդրումն էր: Այդ ժամանակ էջը կ՛արձանագրէր ամսական 20 միլիոն այցելու: Այժմ էջը այցելողներուն ամսական թիւը կը հասնի աւելի քան 2,5 միլիառի: Ասիկա հաւասար է աշխարհի բնակչութեան աւելի քան քառորդին:

Ժամանակի ընթացքին ԵուԹուպ կրցաւ քայլ պահել եւ յարմարիլ տիճիթըլ աշխարհի բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ յառաջդիմութիւններուն հետ երբ սմարթֆոն հեռաձայնը յայտնուեցաւ 2007 թուականին, ան մեծ յեղաշրջում բերաւ վիտէոներու սպառումին վերաբերեալ: Այլեւս մարդիկ պէտք չունէին իրենց վիտէոները դիտելու համակարգիչին վրայ, իրենց տան մէջ: Այժմ կարելի էր որեւէ տեղ եւ որեւէ ժամու դիտել այդ վիտէոները:

Կամաց-կամաց կարգ մը վիտէոներ արհեստավարժ սկսան դառնալ: Այս պատճառով է, որ 2007 թուականին ԵուԹուպ դրամական շահերու ընտրութիւնը աւելցուց: Ասիկա կարելիութիւնը կու տայ շատ դիտուած վիտէոներու ստեղծողներուն դրամ շահելու` շնորհիւ իրենց սփռած նիւթերուն:

Այս նոր առանձնայատկութեան յայտնումէն ի վեր բազմաթիւ ուրիշ կարելիութիւններ աւելցուեցան էջին վրայ: Օրինակի համար` 2015-ին ստեղծուած Փրիմիոմ ԵուԹուպ, որուն միջոցով կարելի եղաւ ծանուցումներէ ձերբազատիլ` ամսական վճարումի մը փոխարէն, կամ 2018-ին` ԵուԹուպ միւզիք, կամ նոյնիսկ` ԵուԹուպծ, որ էջին մանուկներուն համար յարմարցուած տարբերակն է:

* * *

ԵուԹուպի պատճառով նոր բառեր մուտք գործեցին մեր բառամթերքին մէջ: Անոնց կարգին յիշենք վլոկ բառը, երբ անձ մը կը նկարէ իր առօրեայ կեանքը, օրատետրի մը նման, կամ` թութորիըլ, երբ վիտէոյի մը մէջ կարելի է հետեւիլ հրահանգներու` բան մը ստեղծելու համար, կամ նոյնիսկ` սթորի թայմ, երբ անձ մը քամերային առջեւ պատմութիւն մը կը պատմէ:

* * *

Կարգ մը անձերու համար ԵուԹուպի վիտէոներ ստեղծելը ժամանցէն արհեստի վերածուած է: Այս ձեւով է, որ յայտնաբերուած է վիտէոներ ստեղծողի արհեստը, մեծ մասամբ` ԵուԹուպի եւ ընկերային ցանցերու պատճառով: Այս անձերու էջերուն հետեւողներուն թիւը կը հասնի միլիոններու:

ԵուԹուպի թիւերէն

– Ամէն վայրկեան 500 ժամ վիտէօ կ՛աւելցուի էջին վրայ:
– Ամէն օր մէկ միլիառ ժամ վիտէոներ կը դիտուին:
– Ընդամէնը` հինգ միլիառ վիտէոներ:

Գիտէի՞ր, թէ…

ԵուԹուպի վրայ ամէնէն շատ դիտուած վիտէոն «Պէյպի շարք»-ի երաժշտութիւնն է. ան մինչեւ հիմա արձանագրած է 15,8 միլիառ դիտում: Կարծէք աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր անձ այս վիտէոն տեսած է երկու անգամ:

Գիտէի՞ր, Թէ

Մայիս Ամսուան Մասին

– Մայիս ամսուան անունը եկած է Մայա յոյն աստուածուհիին անունէն: Ան կը ներկայացնէր գարնան, աճումի եւ բարգաւաճման գաղափարները: Ան նաեւ Հերմէս աստծոյ մայրն էր:

– Հին Հռոմի մէջ մայիս ամիսը նուիրուած էր Ֆլորա աստուածուհիին, որ կը ներկայացնէր գարնան ժամանումը եւ ծաղիկներուն յայտնուիլը: Հռոմէացիները կը տօնէին Ֆլորալիա փառատօնը` ի պատիւ Ֆլորայի եւ գարնան ժամանումին 28 ապրիլէն մինչեւ 3 մայիս:

– 1889-ին Միջազգային ընկերվար կազմակերպութիւնը մայիս 1-ը կը հռչակէ Աշխատաւորներու Միջազգային օր` ի պատիւ 1 մայիս 1886-ին Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած Հեմարքեթի խլրտումներուն:

– Մայիս ամսուն է, որ բազմաթիւ երկիրներ կը տօնեն մայրերու տօնը:

– Մայիս ամսուն խորհրդանշական յարգի քարը զմրուխտն է, որ կը խորհրդանշէ սէր եւ յաջողութիւն:

– Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մայիս ամիսը նուիրուած է մայր Աստուածածինին:

– Անգլիոյ մէջ մայիս ամիսը Ազգային ժպիտի ամիսն է:

– Պլու ճինզ տաբատը պաշտօնապէս ստեղծուած է 20 մայիս 1873-ին, երբ Լեւի Սթրաուս եւ Ճէյքոպ Տէյվիս ստացան իրենց պղինձէ գամերով օժտուած կապոյտ ճինզի պաշտօնական փաստաթուղթը:

– 1945-ի մայիսին է, որ վերջ գտաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմը:

– Էվերեսթի գագաթը առաջին անգամ յաղթահարուեցաւ 29 մայիս 1953-ին, երբ սըր Էտմոնտ Հիլլարի եւ Թենզիկ Նորկէյ կրցան հասնիլ անոր գագաթը:

– Անջրպետ ուղարկուած առաջին արբանեակը իր թռիչքը կատարեց Խորհրդային Միութենէն, 15 մայիս 1960-ին:

– Աշխարհի առողջապահութեան կազմակերպութիւնը մայիս 31-ը հռչակած է Աշխարհի առանց ծխախոտի միջազգային օր:

– Իսկ մայիս 8-ը նշանակուած է Միջազգային կարմիր խաչի օր:

– Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մայիս ամիսը գարնան գաղափարին հետ կապուած է եւ կը նշուի տարբեր մշակութային փառատօներով, ինչպէս` Սինքօ տը Մայօ Մեքսիքայի մէջ, Վեսաք` պուտտայականներու մօտ, եւ Եւրովիժըն երգի մրցումը` Եւրոպայի մէջ:

– Վերջապէս, մենք` հայերս, մայիս 28-ին կը տօնենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել վարի թիթեռնիկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս զետեղել վարի բոլոր տարբեր ձեւերը թիթեռնիկին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Յարութիւն Մարկարոսեանի Անմար Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?