ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի ընկերներէն
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տեարք Ժան եւ Քերոբ Պալճեան
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Ռիթա Պալճեան եւ ընտանիք
Տիկին Սանդուխտ Պալճեան-Ղուկասեան եւ ընտանիք
Տիկին Վերժին Պալճեան եւ ընտանիք
Տիկին Անժել Գասամանեան-Պալճեան
Տիկին Թագուհի Պալճեան եւ ընտանիք
Տիկին Աղաւնի Սուքիասեան-Գասարճեան եւ ընտանիք
Տիկին Նորա Պալճեան-Ճորճ եւ ընտանիք
Տիկին Ծովիկ Պալճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արտօ եւ Ալիս Գասարճեան
Տիար Մուրատ Գասարճեան
Տիկին Անի Սաչլեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ուատիհ եւ Սալուա Ժըպրան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թալին Կիւլիւճեան եւ զաւակունք
Պալճեան եւ Գասարճեան ընտանիքներ
Կիւլիւճեան եւ Ղուկասեան ընտանիքներ
Ժըպրան եւ Սուքիասեան ընտանիքներ
Սաչլեան եւ Ճորճ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր եւ հարազատին`
ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ-ՊԱԼՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Լիբանան)
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 5 ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————–
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄ
Կիրակի, 6 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ,
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սուրբ պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մեր հաւատքի հօր` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին սրբազան Աջով եւ այլ սուրբերու մասունքներով, տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօր, որմէ ետք Լուսաւորչի Աջով եւ վեհափառ հայրապետին ձեռամբ պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Սուրբ Աջը պիտի տեղադրուի Սուրբ խորանի բեմին վրայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7:00: Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարողանան ստանալ Լուսաւորիչ հայրապետին օրհնութիւնը եւ օրհնուած ջուր:
Շաբաթ, 5 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան առիթով, սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի մայր տաճարին մէջ, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ուխտի օրուան առիթով պիտի կատարուի հսկումի արարողութիւն` նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու դպրեվանքի ուսանողներու: Այս առիթով նորին սրբութիւնը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
ԾԱՆՕԹ: Սուրբ պատարագին, ուխտի թափօրի եւ ջրօրհնէքին մասնակցելու նպատակով, կիրակի օր առաւօտեան ժամը 9:30-ին փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերէն.
1) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Պուրճ Համուտ
2) ՔԱՀԼ-ի Ազգային ծերանոց, Պուրճ Համուտ
3) Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Պուրճ Համուտ
4) Պանք աֆ Պէյրութ, Հաճըն
5) Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Հայաշէն
6) Սուրբ Երրորդութիւն մատուռ, Ֆանար
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Էր-քոնտիսիոնէի ընկերութիւն մը, արեւմտեան Պէյրութի մէջ, կարիք ունի էր-քոնտիսիոններ անցընող եւ նորոգող թեքնիսիենի մը, նուազագոյնը
5 տարուան փորձառութեամբ: Դիմել հեռ. 03-852126 կամ 03-800601 թիւերուն: