Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Պայմանագիրի Եւ Միւս Ուժերու Թեկնածուները Գիւմրիի Ընտրութիւններուն Չկրցան Մեծամասնութեան Քուէն Ստանալ

April 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց կիրակի, 30 մարտին Գիւմրիի 82 ընտրատեղամասերուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան արդիւնքները, որոնց ընթացքին որեւէ քաղաքական ուժ չկրցաւ 50+1 տոկոս հաւաքել` իշխանութիւն ձեւաւորելու համար. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած խմբակցութեան թեկնածուն եւս չկրցաւ յաղթանակ ապահովել: Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան թեկնածու Սարիկ Մինասեան ստացաւ 17 հազար 183 քուէներ` ձայներու 36,24 տոկոսը, Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան թեկնածու Վարդան Ղուկասեան` 9 հազար 727 քուէներ` ձայներու 20,51 տոկոսը, «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Կարէն Սիմոնեան` 2 հազար 902 քուէներ` ձայներու 6,12 տոկոսը, «Մեր քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեան` 7 հազար 380 քուէներ` ձայներու 15,56 տոկոսը, «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութեան թեկնածու Ռուբէն Մխիթարեան` 3 հազար 734 քուէներ` ձայներու 7,87 տոկոսը, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը` 1694 քուէներ` ձայներու 6,12 տոկոսը, Հայաստանի աշխատաւորական սոցիալիստական կուսակցութիւնը` 651 քուէներ` ձայներու 1,37 տոկոսը, «Եւրադաշինք» կուսակցութիւններու դաշինքը` 2 հազար 111 քուէներ` ձայներու 4,45 տոկոսը եւ «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւնը` 1406 քուէներ` ձայներու 2,96 տոկոսը:

Ընդդիմադիր երկու ուժերը` «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութեան թեկնածու Ռուբէն Մխիթարեան եւ «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Կարէն Սիմոնեան յայտարարեցին, որ պիտի միանան երկրորդ դիրքը գրաւող ընդդիմադիր թեկնածու Վարդան Ղուկասեանին: Ընդդիմադիր երրորդ ուժի «Մեր քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինքի ղեկավար Մարտուն Գրիգորեան մինչեւ երէկ յստակ դիրքորոշում չարտայայտեց Վարդան Ղուկասեանին միանալու մասին:

Նախորդը

Գերմանիոյ Նախագահը` Ալիեւին. «Մենք Միշտ Ըսած Ենք, Որ Ղարաբաղը Ձեր Տարածքն Է»

Յաջորդը

Մեծ Հանրահաւաք` Ի Պաշտպանութիւն Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.