Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր շնորհաւորած է Ազրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին շուրջ համաձայնութեան գալու վերաբերեալ: Ան Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք, Պաքուին ու Երեւանին կոչ ուղղած է չփախցնել պահը եւ որքան կարելի է շուտ ստորագրել համաձայնագիրը:
«Յոյսով եմ` շուտով ականատես պիտի ըլլանք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման, եւ Հարաւային Կովկասի մէջ պիտի ըլլայ շատ տեւական խաղաղութիւն: Մենք կը հասկնանք, որ փոխադարձ վստահութիւնը վերականգնելու համար ժամանակ եւ ջանքեր կը պահանջուին: Ասիկա շատ երկար հոլովոյթ է», ըսած է Շթայնմայեր:
«Մեծ քայլ կատարուած է, եւ ես կողմերը կը շնորհաւորեմ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան համաձայնեցման առիթով: Այսօր, նախագահ Ալիեւի հետ զրոյցի ընթացքին, ես յոյս յայտնած եմ, որ մօտիկ ապագային մենք կրնանք դառնալ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման ականատեսը: Ատիկա պիտի յանգեցնէ կայուն խաղաղութեան: Ես կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ, հակառակ բարդութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, չփախցնելու այս կարելիութիւնը»:
Ան նաեւ ըսած է. «Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածքն է», եւ ատիկա Պերլինի ուղիղ ու յստակ դիրքորոշումն է:
«Մենք միշտ ըսած ենք, որ ատիկա ձեր տարածքն է, եւ այսօր մենք կը հաստատենք Գերմանիոյ այս ուղիղ եւ յստակ դիրքորոշումը», ըսած է Շթայնմայեր:
Ալիեւ իր կարգին անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին ըսած է. «Պատերազմի մէջ տարած մեր պատմական յաղթանակը ճամբայ հարթեց դէպի խաղաղութեան բանակցութիւններ: Կը կարծեմ, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի դիրքորոշումները խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ բաւական մօտեցած են»:
«Եթէ Հայաստանը ընդունի մեր երկու պայմանները, խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման խոչընդոտները պիտի վերանան: Մեր առաջին պայմանը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարման անհրաժեշտութիւնն է: Երկրորդը կապուած է Հայաստանի սահմանադրութեան: Հայաստանի սահմանադրութեան բնագիրին մէջ յղում կայ այդ երկիրի Անկախութեան հռչակագիրին, որ Սահմանադրութեան անքակտելի մասն է: Այնտեղ կէտ մը կայ, որ բացայայտ տարածքային նկրտում է Ազրպէյճանի հանդէպ: Այդ իսկ պատճառով, այդ կէտի հեռացումը Հայաստանի Սահմանադրութեան բնագիրէն մեր օրինական պահանջն է: Հայաստանէն մինչեւ օրս մենք լուրջ պատասխան չենք ստացած», յայտնած է Ալիեւ:


