Եւրոպական խորհրդարանի Սթրազպուրկի մէջ այսօր տեղի ունենալիք լիագումար նիստի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած քննարկում տեղի պիտի ունենայ: Այս մասին հաղորդեց Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը:
Եւրոպական յանձնաժողովին անունով յայտարարութիւն պիտի կատարէ յանձնակատար Օլիվըր Վարհելին: