ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 30 մարտ 2025-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ուրախ առիթով, կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ մատաղի օրհնութեան:
Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 9:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան պատգամով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ ուրբաթ, 28 մարտ 2025-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 6:00-ին:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլան այս արարողութեան եւ հաղորդուին օրուան պատգամով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՍԹԸՐ ԿԱՐՕ ՔԷՊԱՊՃԵԱՆի մահուան Դ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 մարտ 2025-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀԱՅ ՍԵՒ ԳՕՏԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԶԱՒԷՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 մարտ 2025-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Էր-քոնտիսիոնէի ընկերութիւն մը, արեւմտեան Պէյրութի մէջ, կարիք ունի էր-քոնտիսիոններ անցընող եւ նորոգող թեքնիսիենի մը, նուազագոյնը
5 տարուան փորձառութեամբ: Դիմել հեռ. 03-852126 կամ 03-800601 թիւերուն: